ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Շուշիի վերակառուցման համար նախատեսուած համահայկական հանգանակութիւնը համակարգող Արցախի հանրապետական շտապէն ստացած տուեալներուն համաձայն, Նոյեմբեր 20ի դրութեամբ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հաշւոյն փոխանցուած է 79 միլիոն 579 հազար 215 դրամ (շուրջ 200,000 տոլար): Արցախէն ցարդ հանգանակութեան մասնակցողներուն թիւը 33 հազար է:
Շտապը արցախցիներուն կոչ ուղղած է աշխուժութեամբ մասնակցելու ընթացիկ դրամահաւաքին՝ ի նպաստ ԼՂՀ հասարակական-տնտեսական առաջընթացին:
Նոյն առիթով Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած Նոյեմբեր 19-22 հեռախօսամարաթոնին, Հիմնադրամի մօտ 600 կամաւորները յաջողած են հանգանակել շուրջ 1,182,988 եւրոյի (շուրջ 1,750,000 տոլար) խոստում՝ 12,370 նուիրատուներէ:
Նշենք, որ այս տարուան դրամահաւաքին համար կային բաւական անբարենպաստ պայմաններ՝ տնտեսական ճգնաժամը եւ հայ-թրքական արձանագրութիւնները։
«Արդիւնքները աւելին էին, քան կ՛ակնկալէինք», յայտնած է Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ Պետրոս Թերզեան եւ աւելցուցած՝ «Ունեցանք նաեւ մերժումներ, որովհետեւ համաձայն չեն կատարուածին՝ արձանագրութիւններուն։ Բայց ասիկա շատ չնչին տոկոս կը կազմէ, աւելի քիչ, քան 1 տոկոսը, որ ազդեցութիւն չունեցաւ դրամաքաւաքին վրայ։ Ասիկա, կարծեմ, ամենախօսուն փաստն է, որ մարդիկ հասուն են, իմաստութիւն կայ մարդոց մէջ, գիտեն զանազանել քաղաքականը մարդասիրականէն»:
«Հասանք 1 մլն. 200 հազար եւրոյի, որուն մէկ մասը՝ 20 հազար եւրօ, Զուիցերիոյ հիմնադրամին կողմէ, 70 հազար Գերմանիոյ եւ մնացեալը Ֆրանսայի կողմէ է, քանի որ ֆրանսահայ համայնքը աւելի մեծ է», նշած է Պ. Թերզեան։
«Այս տարուան հանգանակութեան արդիւնքը առաւել քան գոհացնող է: Չափազանց ուրախ եմ այս յաջողութեան համար եւ շնորհակալ եմ France Telecom Orangeին, որ տրամադրեց ոչ միայն անհրաժեշտ ենթակառուցուածքը, այլեւ նորարար տեխնոլոգիաներ՝ մասնաւորապէս հաղորդագրութիւններ հայազգի յայտնի երգչուհի Հելեն Սէգարայի անունից:
Յաւելեմ նաեւ, որ Orangeի ներկայութիւնը Հայաստանում քաջ յայտնի է Ֆրանսիայի հայկական համայնքի շրջանում եւ այդ փաստը նպաստեց դրամահաւաքի յաջող իրականացմանը», մեկնաբանելով Orangeի աջակցութիւնը «հեռախօսամարաթոն 2009»ին, յայտնած է Օրանժ Արմէնիայի խորհուրդի անդամ Ժան-Ժագ Տամլամեանը: