Հոկտեմբեր էր կրկին, ամիս բերքի, առատութեան, բայց մանաւանդ՝ Հայ մշակոյթի ամիս, որ առիթ կ՛ընծայէ հայ ժողովուրդին փառաբանելու իր հազարամեայ մշակոյթը, հպարտանալու անով եւ հաւատքով կրկնելու Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտ՝ Կորիւն Սքանչելիին խօսքը. «Ով իմ թանկագին ուսուցիչս, անմահ է քու գործդ»։ Անմահ է հայերէն լեզուն, անով ծնունդ առած գրականութիւնը եւ անոնցմով սնանող սերունդները պիտի շարունակեն գոյատեւել:
Մերտինեան հայ աւետարանական վարժարանին մէջ եւս հայ մշակոյթը յիշատակուեցաւ բազմաթիւ առիթներով եւ այլազան ձեւերով։
21 Հոկտեմբերին սկսաւ հայերէն գրքերու, հայկական արուեստի նմոյշներու եւ յուշանուէրներու ցուցահանդէս-վաճառքը, որ տեւեց երեք օր։
23 Հոկտեմբերին, աշակերտներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր հաճոյքով ճաշակեցին հայկական համադամ ճաշեր։ Ճաշերու վաճառքը կազմակերպուած էր Ծնողաուսուցչական կազմին կողմէ, իսկ ուտելիքները նուիրուած էին աշակերտութեան եւ անոնց ծնողաց կողմէ։ Ճաշէն ետք, շուրջ երկու ժամ, վարժարանի շրջափակին մէջ կը լսուէին հայկական երաժշտութիւն եւ պարեղանակներ։ Բակին մէկ անկիւնը աշակերտներ մեծ տաշտերու մէջ խաղող կը ճզմէին, ու կը սորվէին ռուպ եւ գինի պատրաստելու կերպը։
Կէսօրէ ետք ժամը 2ին, վարժարանի սրահին մէջ հաւաքուած աշակերտներուն, ծնողներուն եւ հիւրերուն ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ նուիրուած հայ մշակոյթի օրուան, Ծաղիկէն մինչեւ Զ. կարգերու աշակերտութեան կատարողութեամբ։ Անոնք խանդավառ կերպով արտասանեցին, երգեցին եւ ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Կաթիլ մը Մեղր»ը։ Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ հոգաբարձական կազմի անդամներ եւ հիւրեր՝ Լոս Անճելըս քաղաքի գլխաւոր հաշուապահ Ուէնտի Կրուէլ, շրջանի ոստիկանութենէն երկու ներկայացուցիչներ։
Յայտագրին մէջ յատուկ տեղ տրուած էր գնահատանքի արարողութեան մը։ «Մերտինեան» վարժարանի նախկին աշակերտներէն՝ Կրէկ Մարթայեանի եւ անոր կնոջ՝ Սիլվայի կողմէ հաստատուած 1000 տոլարի կրթանպաստ մը յանձնուեցաւ ուսումնական գետնի վրայ փայլուն արդիւնք ձեռք բերած աշակերտի մը, եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան կողմէ տրուած երեք գնահատագրեր յանձնուեցան Միջնակարգի այն աշակերտներուն, որոնք իրենց շրջապատին ծառայելու եւ առաջնորդելու կարողութիւններ ցուցաբերած են։ Արժանաւոր աշակերտներու ընտրութիւնը կատարեցին Կրէկ եւ Սիլվա Մարթայեանները՝ հիմնուելով աշակերտներուն տրուած հարցարաններու եւ անոնց գրած շարադրութեանց վրայ։ Կրթանպաստը ստացաւ Զ. կարգէն Յարութ Նազարեան, իսկ Ուէնտի Կրուէլի ձեռամբ գնահատագրեր ստացան Յարութ Նազարեան, Նարեկ Աթիօքենեան, Ռոզ Աւագեան եւ Շուշան Գալստեան։
Յայտագիրը վերջ գտաւ վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեանի փակման խօսքով։