Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին, Քալիֆորնիոյ Ռոլինկ Հիլզի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ պետական այլ պաշտօնատարներ ներկայ էին քաղաքի համալսարանին մէջ Ծերունեան գործարարական եւ համայնքային զարգացման կեդրոնի բացման արարողութեան:
Ռոլինկ Հիլզի նախկին քաղաքապետ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ Հայ իրաւաբաններու միութեան նախկին նախագահ Ֆրէնք Վրամ Ծերունեանի հաստատած սոյն կեդրոնը յառաջ եկած է համագործակցութեամբ Փալոս Վերտեսի գրադարանական բաժանմունքին հետ:
Բացման արարողութեան ընթքացքին, Ֆրէնք Ծերունեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Ռոլինկ Հիլզի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, Փալոս Վերտեսի գրադարանական բաժանմունքին պաշտօնատարներուն, իր ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնց օժանդակութեամբ կարելի եղած է մէջտեղ բերել սոյն կեդրոնը:
Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ մարմնի կողմէ, Ռետոնտօ Պիչի քաղաքապետ Մայք Ճին յատուկ յուշատախտակ մը յանձնեց Ֆրէնք Ծերունեանին, իսկ Ռոլինկ Հիլզի քաղաքապետ Ճուտի Միչըլ դրուատեց Ծերունեանի տարած աշխատանքը, որու շնորհիւ իրականացաւ սոյն կեդրոնը: