ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Փարիզի «Աշխարհ» թերթը կը տեղեկացնէ որ Վալանս քաղաքի արուարձան Փուրլէի՝ «Լը Ռոն» թատրոնի սրահին մէջ, ամիս մը առաջ, հանդիսաւոր պայմաններու մէջ նշուեցաւ Ֆրանսահայոց մշակութային միութեան հիմնադրութեան 60ամեակը։ Յոբելենական հանդիսութեան գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկած է Լիոնի ազգագրական պարի «Գորիս-Սասուն» խումբը։
Միջոցառման պաշտօնական մասը սկսած է Միութեան նախագահ Էտմոն Եանըքեանի ելոյթով, ուր կը խօսուէր 60 տարիներու ընթացքին Միութեան անցած ճամբու կարեւոր ուղենիշերու մասին։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է Միութեան Վալանսի բաժնի նախագահ Վարդգէս Վարդանեան, արտայայտուելով մշակութային գործունէութեան ու համայնքային հարցերու մասին։
Ատկէ ետք, սկսած է համերգային բաժինը։ «Գորիս-Սասուն» պարախումբը իր ելոյթներով գերած է հանդիսականները, նախ ներկայացնելով աւանդական պարեր, իսկ համերգի երկրորդ մասին մէջ արդիականացած ազգային պարեր։ Խումբի փայլուն յաջողութիւնները արդիւնք են պարուսոյցներ Ֆէլիքս եւ Թերեզա Գրիգորեաններու երկարատեւ աշխատանքին։
Ֆրանսահայոց Մշակութային Միութիւնը իր գործունէութեան 60 տարիներուն զգալի աշխատանք տարած է Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակոյթն ու Հայաստանը պատշաճ կերպով ներկայացնելու համար։