«ՄԱՐՄԱՐԱ».- «Մէթիս» Հրատարակչատունէն Զգայացունց Նոր Գիրք Մը Հայ Մեծ Հայր Կամ Հայ Մեծ Հայր Ունեցող Թուրք Թոռներու Մասին:
«Մէթիս» հրատարակչատունը որ պարբերաբար կը հրատարակէ մեզ հայերս մօտէն շահագրգռող հետաքրքրական, նաեւ քաջութեամբ գրի առնուած գիրքեր, այս շաբաթ հրապարակ հանեց շատ կարեւոր նոր գիրք մը որուն մասին յայտնապէս շատ պիտի խօսուի եւ որ կոչուած է նոր դուռ մը բանալու Թուրքիոյ ընկերային կեանքէն ներս։ Այդ դուռը իրականութեան մէջ բացուած էր փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթինի կողմէ նախապէս հրատարակուած «Մեծ մայրիկս» խորագրեալ գիրքով։ Չէթին առաջին անգամ ըլլալով պատմած էր թէ երեւան հանած էր որ հայ կնոջ մը թոռնուհին էր եւ թէ ինչ կը նշանակէր ասիկա իրեն համար։ Չէթինէն վերջ հոսկէ հոնկէ անոր ձայնակցող ձայներ բարձրացան, քանի մը թուրք մարդիկ դիտել տուին որ իրենց ալ մեծ մայրը կամ մեծ հայրը հայ էր։ Անոնք տակաւ կը թօթափէին այսպիսի հրապարակում մը ընելու իրենց վախը։ Իսկ հիմա «Մէթիս»ի կողմէ հրատարակուած նոր գիրքը այլեւս մինչեւ կռնակ կը բանայ այդ դուռը։
Հրատարակուած գիրքը ունի երկու հեղինակներ։ Մէկը դարձեալ փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթինն է, իսկ միւսը Այշէ Կիւլ Ալթընայ։ Գիրքը կոչուած է «Թոռներ»։ Այս անունը արդէն կը բացատրէ ամէն ինչ։ Գիրքին մէջ իրենց կեանքն ու անցեալը, աւելի ճիշդ իրենց հայ մեծ ծնողներուն 1915ի կեանքը կը պատմեն մօտաւորապէս 25 անձեր, որոնք հայ մեծմայրերու կամ հայ մեծհայրերու թոռներ կամ թոռնուհիներ են։ Կը պատմեն քաջաբար, թօթափելով այն վախը զոր նախապէս ունէին այս մասին խօսելէ։ Այշէ Կիւլ Ալթընայ եւ Ֆէթհիյէ Չէթին համբերութեամբ ու քաջութեամբ մէկ առ մէկ ունկնդրած են այս թոռներուն պատմութիւնները ու անոնց պատմածները քով քովի բերած են այս շատ կարեւոր, հետաքրքրական բայց ողբերգական շունչ ունեցող գիրքին մէջ։
Իրենց նախաբանին մէջ երկու հեղինակները կը գրեն որ ասիկա դիւրին գիրք մը չէ, ոչ դիւրութեամբ գրուեցաւ, ոչ ալ դիւրութեամբ կը կարդացուի։ Թոռներէն շատեր բաւական դժուարութիւն ապրեցան մինչեւ որ պատմեցին իրենց կեանքի պատմութիւնը։ Անոնցմէ ոմանք ալ վերջին վայրկեանին հրաժարեցան այս գիրքին մէջ տեղ ունենալէ։ Հակառակ որ հոս անունները կը տրուէին միայն որպէս առաջին անուն, առանց մականունի, այսինքն գրեթէ անանուն պատմութիւն էր, ոմանք կը խրտչէին ու յայտնի կը դարձնէին թէ ինչպիսի հոգեկան անհանգստութիւն մը ունէին։
Հեղինակները դարձեալ նախաբանին մէջ կը գրեն որ այս գիրքը, 1915ի մասին գիրք մը ըլլալէ աւելի՝ Հրանդ Տինքի ասութեամբ «1915 մեթր խորութիւն ունեցող հորէ մը» դուրս չկարենալ ելլելու պատմութիւնն է։ Մօտաւորապէս հարիւր տարի վերջ 1915ը դեռ ինչ կը նշանակէ այս թոռներուն համար։ Անոնք եւ իրենց ծնողները ի՞նչեր ապրեցան անցնող այս տարիներու ընթացքին։ Այսքան դժուա՞ր, այսքան ցաւատա՞նջ էր ոմանց հետ բաժնել այն գիտակցութիւնը թէ հայ մարդու թոռ մըն էին իրենք։
Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, երկու հեղինակները ահաւասիկ աւարտած են գիրքը ու գտած են իրենց հրատարակիչը, որ «Մէթիս»ն է։ Եթէ ուզէինք գաղափար մը կազմել թէ ինչպիսի խորագիրներ ունին զանազան «թոռ»ներու կողմէ պատմուածները, հոս յիշենք անոնցմէ մէկ քանիին առաջին անունն ու պատմածը։
– Պարըշ. «Մարդ կ՛ուզէ պոռալ իր անցեալին մասին»։
– Տէնիզ. «Մինչեւ այսօր պահեր են իմ աշխարհիս վերաբերեալ տուեալները»։
– Արիֆ. «Այս գաղտնապահութիւնը կը հրահրէ անապահովութիւնը»։
– Կիւլչին. «Հազարաւոր կիներ նոյն պատմութիւնը ունին»։
– Մէհմէտ. «Զինուոր էի երբ ճշմարտութիւնը սորվեցայ»։
– Ասլը. «Մեր զաւակները պէտք է դաս քաղեն պատմութենէն»։
– Հալիտէ. «Այն օրերուն՝ երբ հայերը հաւկիթ կը բաժնէին»։
– Այչա.- «Մարդոց սեփական ճշմարտութիւնը»։
– Նազ. «Մամուլին մէջ հայ ըլլալը հայհոյութեան նման բան մըն է»։
– Նիւքհէթ. «Հայրս ինչո՞ւ մօրաքոյր, հօրաքոյր կամ զարմիկ չունէր»։
– Շիմա. «Ինչո՞ւ ամէն մարդ առանձին է»։
Եւ այսպիսի անուններ ու անոնց պատմութիւններուն խորագիրները։ Իւրաքանչիւր խորագիր արդէն որոշ նախզգացում մը կը թելադրէ գալիք պատմութեան առընչութեամբ։ Տխուր են այդ պատմութիւնները, բայց անոնք առաքելութիւն մը ունին այժմ։ Ինչպէս հեղինակները դիտել կուտան գիրքի ետեւի կողքին վրայ, այս պատմութիւններուն տէրերը հիմա մեզ կը հրաւիրեն ծանօթանալու մենք մեզի հետ, մեր ընտանիքին հետ, մեր դրացիներուն ու մեր բարեկամներուն հետ, կը հրաւիրեն մէկզմէկու պատմելու մեր պատմութիւնները։ Մինչեւ որ չփրկուինք անցեալ տարիներու վախի զգացումէն ու չհաշտուինք մեր անցեալին հետ, չենք կրնար իրականացնել հաշտ ու խաղաղ ապագայ մը։
Այշէ Կիւլ Ալթընայի ու Ֆէթհիյէ Չէթինի այս խիստ կարեւոր գիրքը պիտի կարդացուի յափշտակութեամբ ու անպայման հետք մը պիտի մնայ անկէ։