ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Անտրէյ Նեստերենքօ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ իր կատարած վերջին յայտարարութիւնը յստակացնող նոր յայտարարութիւն մը հրապարակեց Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20ին։
Նեստերենքօ Նոյեմբեր 17ին յայտարարած էր, որ «Երեւան-Անգարա բանակցային գործընթացին ընթացքին արծարծուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը», աղմուկ բարձրացնելով հայկական լրատուամիջոցներու մէջ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան անմիջապէս հերքած էր, որ հայկական կողմը Թուրքիոյ հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը քննարկած է, իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալբանդեան Նոյեմբեր 18ին Հայաստանի խորհրդարանին մէջ հաստատած էր Հայաստանի, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի եւ այլ պետութեանց կեցուածքը, թէ այդ երկու հարցերը տարբեր գործընթացներ են։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր նոր հաղորդագրութեամբ կը յայտնէ. «Մոսկուայի մէջ ուշադրութիւն դարձուցին այն բանին վրայ, որ Հայաստանի շարք մը զանգուածային լրատուամիջոցներ աղմուկ բարձրացուցած են Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչի Նոյեմբեր 17ի ելոյթին շուրջ։ Կը պնդուի, թէ Մոսկուայի մէջ, իբրեւ թէ դիրքորոշումները փոխուած են, եւ այժմ ղարաբաղեան հիմնահարցը եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը կապուին իրարու։ Ատիկա թիւրիմացութիւն է։ Ռուսաստանի տեսակէտը մէկ անգամ չէ, որ պարզաբանուած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Ան անփոփոխ կը մնայ։ Խօսքը երկու տարբեր գործընթացներու մասին է։ Համոզուած ենք, որ բարիդրացիական կապերը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը նպաստեն Կովկասի խաղաղութեան եւ ապահովութեան։ Ղարաբաղի հարցով, չնայած շարունակուող տարակարծութիւններուն, կողմերը յաջողած են որոշակի յառաջխաղացք արձանագրել հիմնական սկզբունքներու համաձայնեցման առընչութեամբ։ Մենք այս գործընթացին մէջ մեր դերը ունինք, սակայն չենք կրնար կողմերուն որեւէ կարծիք պարտադրել։ Ռուսաստան կը սատարէ այն տարբերակը, որ կը բաւարարէ բոլոր կողմերուն, իսկ փոխզիջումային պայմանաւորուածութեան պարագային հանդէս կու գայ երաշխաւորի դերով»։