ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆուլըրթընի մասնաճիւղին հովանիին տակ գործող «Grand Central» արուեստի կեդրոնին մէջ՝ Նոյեմբեր 7ին սկսած ու պարսկական ժամանակակից արուեստի նուիրուած «Պահուած Վէրքեր, Թուղթէ Փամփուշտներ» խմբային ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ արուեստագէտ Ալինա Մնացականեան: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Յունուար 10, 2010: Մուտքը ազատ է, իսկ ցուցադրասրահին հասցէն է 125 N. Broadway, Սանթա Անա քաղաքին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.grandcentralartcenter.com համացանցային կայքը: