ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ըստ սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի ղեկավար Առուշան Յակոբեանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները արդէն իսկ իրենց մօտ է, եւ յառաջիկայ քսան օրերու ընթացքին գումարուող լիագումար նիստին՝ պիտի որոշուի զանոնք քննութեան ընդունելու ժամկէտը:
«Եթէ այդ պահին դատարանի անդամները ընդհանուր համաձայնութեան չեն գալիս, ապա դատարանը կարող է տասն օր երկարացնել: Որից յետոյ, ամիսը լրանալու պարագայում, դատարանը պարտաւոր է կամ հետ վերադարձնել, կամ քննութիւն նշանակել», յայտնած է Ա. Յակոբեան՝ նկատել տալով, որ նոյն լիագումար նիստին ընթացքին պիտի որոշուի նաեւ անոնց սահմանադրականութիւնը:
Յիշեցնենք, որ ըստ արձանագրութիւններու վաւերացման ընթացակարգին՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նախաձեռնէ ստորագրուած փաստաթուղթերու միջգերատեսչական ընթացակարգ, որմէ ետք փաստաթուղթերը կ՛ուղարկուին Հայաստանի նախագահին: Երկրի ղեկավարը ստորագրուած արձանագրութիւնները կ՛ուղարկէ Սահմանադրական դատարան, ուր անոնց քննարկումէն ետք որոշում կը կայացուի անոնց մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւններուն՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցին վերաբերեալ, իսկ որոշումը կ՛ուղարկուի նախագահին:
Համապատասխանութեան մասին որոշում կայացուելու պարագային, Հայաստանի նախագահը, իր հերթին, փաստաթուղթերը կ՛ուղարկէ Ազգային ժողով՝ քննարկման եւ վաւերացման համար: Ազգային ժողովին կողմէ՝ սահմանուած կարգով վաւերացուելէ ետք, արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձանագրութիւններուն վերաբերեալ կը կազմէ վաւերագիր եւ կը ներկայացնէ նախագահի ստորագրման:
Վաւերագիրը կ՛ամրագրուի Հայաստանի Հանրապետութեան կնիքով եւ արտաքին գործոց նախարարի ստորագրութեամբ: Իբրեւ աւարտական փուլ՝ տեղի կ՛ունենայ վաւերագիրներու փոխանակում, որմէ ետք անոնք կը մտնեն ոյժի մէջ: