ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սփիւռքի մէջ «հայկական իրականութիւն» հասկացողութիւնը միս ու ոսկոր կը ստանայ ազգային կառոյցներու ամէնօրեայ աշխատանքներով, միութենական կազմակերպուած ձեռնարկներով, հաւաքներով, հանդիսութիւններով:
Հայկական իրականութեան բաղադրութիւնը, հետեւաբար, կրնայ սահմանափակուիլ այս աշխատանքներուն ու ձեռնարկներուն մասնակցողներու թիւով, անոնց հանրագումարով:
Հետեւաբար, ազգային բոլոր կառոյցներու, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու խնդիրն է հայկական կեանքին ու իրականութեան մասնակցողներու շրջանակը ըստ կարելւոյն ընդարձակել:
Այս նպատակի ուղղութեամբ առաջին քայլը, անշուշտ, իւրաքանչիւր միութեան սեփական անդամներու թիւի աճի ճամբով կ՛ընթանայ, որմէ ետք, տարտղնուած հայ համրանքին հասնելով անոնց հետաքրքրութիւնը գրաւելու ու կազմակերպուած ձեռնարկներուն ներկայ ըլլալու ճիգին վրայ միայն կարելի է հիմնուիլ:
Հայ համայնքի կազմակերպուած մասը անշուշտ ունի իր աւանդական, ընթացիկ միջոցները անդամարշաւի, իր շարքերը ստուարացնելու ու երիտասարդացնելու բազմափորձ ճանապարհները:
Այսու հանդերձ, փաստ է, որ բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները կարիք ունին յաւելեալ անդամներու, յաւելեալ ոյժի: Հետեւաբար, նորանոր մարդիկ ներգրաւելու համար պէտք է ձեռնարկուին բացի ընթացիկէն՝ տարբեր միջոցներ, անդամարշաւի տարբեր ծրագիրներ:
Բոլոր միութիւններն ալ, անխտիր, իրենց հրապարակումներուն մէջ շատ քիչ տեղ կը յատկացնեն իրենց հետ կապի տուեալներուն, հանրութեան ուշադրութեան հազուադէպօրէն կը յանձնեն իրենց առաքելութեան մասին մանրամասնութիւններ, իրենց կազմակերպութիւնը առաւել պարզութեամբ ու հանգամանօրէն ծանօթացնելու գործին մէջ կը ցուցաբերեն անտեղի ժլատութիւն ու զգուշաւորութիւն: Չմոռնանք, որ համայնքները, մանաւանդ մերը, այս տարածաշրջանինը, գրեթէ ամէնօրեայ փոփոխութիւն, աճ կ՛ապրի, միշտ նոր ընտանիքներ կու գան, որոնք արեւելումի կարիք ունին, որոնք իրենց տեղը գտնելու ուղղութեան կարօտ են:
Արդիւնքը. ներկայ վիճակը կը շարունակուի, վիճակ մը որմէ վստահաբար գոհ չենք բոլորս ալ, անկախ անկէ թէ ո՛ր միութեան կամ կազմակերպութեան անդամ ենք:
Ուրեմն. պէտք է հանրութեան ներկայանալու նոր ձեւեր գտնենք, ներկայանանք անկեղծօրէն, հարազատօրէն, հանգամանօրէն: Մեր այցեքարտը, մեր անցեալի ու ներկայի գործունէութիւնն է, մեր հաւատամքի բացատրութիւնը:
Ուրեմն՝ ներկայանանք մեր ժողովուրդին: