ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավար Հէրի Ռիտ խոստացած է դարձեալ նեցուկ կանգնիլ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռիտին, խոստանալով անոր եւ այլ ծերակուտականներու հետ գործակցելով բանաձեւը Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին ու ապա Ծերակոյտի լիագումար նիստին օրակարգի նիւթ դարձնել:
Ծերակուտականներ Պապ Մենենտէզի ու Ճան Էնսայնի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը կը վայելէ նաեւ ծերակուտականներ Շէրըտ Ղրաունի, Ռաս Ֆայնկոլտի, Տայան Ֆայնսթայնի, Ճէք Ռիտի ու Շէլտըն Ուայթհաուսի հովանաւորութիւնը:
Յիշեցնենք, թէ Հոկտեմբեր 30ին, Ռիտ նաեւ նամակ մը գրած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, խնդրելով անկէ, որ ամերիկահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը ունենայ, քննելու համար Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն նկատմամբ ամերիկահայութեան մտահոգութիւնները:
Ռիտի որոշումը բացայայտուեցաւ, երբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Թուրքիոյ վարչապետին Ուաշինկըն այցելութեան դէմ սկսած բողոքի արշաւին ընթացքին իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր Ծերակոյտին վրայ: Արշաւը պիտի շարունակուի մինչեւ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի այցելութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 7ին: