ՆԻՒ ԵՈՐՔ.– ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան Նոյեմբեր 18ին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Ասպարեանի եւ կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրայր Պարոնեանի հետ:
Հանդիպման ժամանակ քննարկուած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Արցախի հասարակական-տնտեսական զարգացման եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն վերաբերող շարք մը հարցեր: ԼՂՀ կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները որեւէ կերպով չեն առընչուիր ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հետ եւ անոնց հետագայ զարգացումը չի կրնար Արցախեան հիմնախնդրին մէջ միակողմանի զիջումներու եւ 1915ի Ցեղասպանութեան ճանաչման հաշւոյն ըլլալ: Վարչապետը նշած է, որ Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն հետագայ ամրապնդման եւ ընդլայնման հիմերէն մէկը հայրենասէր սերունդին դաստիարակութիւնն է: Խօսելով Շուշիի վերականգնման մասին՝ երկուստեք ընդգծուած է այդ գործընթացի կենսական նշանակութիւնը համայն հայութեան համար, որուն յաջող իրականացումը պիտի տայ բազմաթիւ հարցերու պատասխանը:
Նոյն օրը ԼՂՀ վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ՄԱԿի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն, եւ ծանօթացած այդ հեղինակաւոր կազմակերպութեան կառուցուածքին եւ աշխատանքներուն:
Արա Յարութիւնեան նշած է, որ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը եւ ՄԱԿին մեր հանրապետութեան անդամակցութիւնը միայն ժամանակի խնդիր է:
Նոյեմբեր 18ին Էճուոթըր քաղաքին մէջ ԼՂՀ վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան պատուին կազմակերպուած է ճաշկերոյթ, որուն մասնակցած են հայկական համայնքի մօտ վեց տասնեակ ներկայացուցիչներ, բարերարներ, ԱՄՆի մէջ գործող ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ ՄԱԿի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.