ՊՈԼԻՍ.- «Եէնի Շաֆաք» թերթի աշխատակից Էրկիւն Չօլաքօղլու հրատարակած է հարցազրոյց մը Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպսկ. Չուլճեանի հետ։ Չուլճեան սրբազան թերթին կողմէ կը ծանօթացուի իբրեւ Մալաթիա ծնած հոգեւորական մը, որուն անունը կը յիշուի յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան մը հաւանական թեկնածուներուն կարգին։
Չուլճեան սրբազան հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ նորընտիր պատրիարքը կրնայ կամուրջի պարտականութիւն ստանձնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, եթէ անոնք պիտի ուզեն դիւանագիտական կապեր հաստատել իրարու միջեւ։
Ան կարծիք արտայայտած է նաեւ կառավարութեան կողմէ փոքրամասնական հարցերու նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերումին եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու քայլերուն մասին: Ան ըսած է, որ հարցը դժուար է, իբրեւ օրինակ բերելով վարչապետ Էրտողանի քննադատութիւնը այն քաղաքականութեանց, որոնք պատճառ դարձան, որ փոքրամասնութիւնները երկրէն հեռանան: «Էրտողան այդ քաղաքականութիւնները «ֆաշիզմ» նկատեց, բայց անկէ ետք տեսանք, թէ ինչպիսի զարգացումներ արձանագրուեցան Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ եւ թէ վարչապետը ինչպէ՛ս քննադատուեցաւ Թուրքիոյ քաղաքականութեան միւս դերասաններուն կողմէ», ըսած է ան։
Չուլճեան սրբազան կարեւոր կը նկատէ երկու երկիրներու մերձեցումը, բայց իրատեսութիւնը կը պահանջէ, որ անմիջական արդիւնք չսպասուի այս մերձեցումէն։ «Պոլսոյ հայերը 1915ին եւ անկէ ետք քաղաքական զանազան ճնշումներու ենթարկուեցան եւ ասիկա ստեղծեց վախի, վերապահութեան, անվստահութեան, նախաձեռնութեան պակասի մթնոլորտ մը։ Մէկ բառով կարելի է «բարդոյթ» կոչել այս մթնոլորտը։ Հայերը պէտք է յաղթահարեն այս բարդոյթը, պէտք է վերանային պատմական դէպքերու վրայ եւ պէտք է ջանան յաղթահարել հոգեբանական վէրքերը», ըսած է ան։
Առաջնորդը կը վստահի երկու ժողովուրդներու պատմական յիշողութեան։ Երկու ժողովուրդները տարբեր ցաւեր ունին, բայց ունին պատմական նոյն յիշողութիւնը։ Պոլսոյ պատրիարքը կրնայ որպէս կամուրջ ծառայել երկու երկիրներու միջեւ առկայ հարցերը լուծելու հարցին մէջ։
Թերթը կը նշէ, որ Չուլճեան սրբազան ծնած է 1959ին, Մալաթիոյ մէջ։ Նախակրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ «Ներսէսեան» վարժարանի մէջ, ապա 1969ին ընտանեօք գաղթած է Հայաստանի Գիւմրի քաղաքը, թէ ան տխուր է Մեսրոպ պատրիարքի հիւանդութեան համար, եւ թէ Հրանդ Տինքին բարեկամը եղած է Մալաթիոյ մէջ։
Առաջնորդը կ՛ըսէ, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները անցեալին մեծ նեղութիւններ կրած են, բայց այսօր Թուրքիոյ կողմէ առնուած նոր քայլերու շնորհիւ կացութիւնը սկսած է բարելաւուիլ։