ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երէկուան թիւով հաղորդած էինք, որ Ֆրանսայի Նանսի քաղաքին վարժարաններէն մէկուն պատմութեան դասատուն պատժած էր 13ամեայ թուրք աշակերտ Մուսթաֆան, որովհետեւ այս վերջինը իր շարադրութեան մէջ ուրացած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն հետեւանքով տնօրէնութիւնը վտարած էր աշակերտը:
«Հիւրրիյէթ» կապ հաստատած է դպրոցի տնօրէնութեան հետ ու Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18ին կը հաղորդէ, որ տնօրէնութիւնը նահանջած է եւ երկու օրուան կախակայումէ ետք որոշած է դպրոց ընդունիլ Մուսթաֆան: Տնօրէնը ըսած է, որ «հոգեբանական դաս մը» տալ ուզած է տալ Մուսթաֆային, որ պիտի շարունակէ ուսանիլ նոյն դպրոցին մէջ։ Տնօրէնը ըսած է, որ իրենց համար «հարցը փակուած է»։
Մուսթաֆա Տողանի ծնողքը դիմած են Ֆրանսայի մէջ գործող թրքական հասարակական կազմակերպութեան մը՝ «COJEP»ի օգնութեան։ Տողանի ուսուցչուհին ըսած է, թէ Մուսթաֆայի այն պնդումը, թէ «հայերը արժանի եղած են ցեղասպանութեան» արտայայտութիւնը «անընդունելի եւ անմարդկային» է։