ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Ռուսիա դժգոհութիւն յայտնած է այն որոշումին նկատմամբ, թէ Թուրքիա պիտի ջնջէ հիւլէական կայան մը կառուցանելու նուազուրդի արդիւնքը, որու համաձայն՝ ռուսական ղեկավարութեամբ ընկերութիւններու համախմբում մը ապահոված էր զայն կառուցանելու իրաւունքը:
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարը յայտնած էր, թէ հիւլէական կայանի ծրագրին վերաբերեալ տեղեկագիրը նախարարաց խորհուրդ պիտի չղրկուի:
Ռուսիոյ գիտութեանց ակադեմիոյ թրքական հետազօտութեան բաժանմունքի եւ արեւելեան ուսումնասիրութեանց հիմնարկի ղեկավար եւ տնտեսագէտ Նաթալիա Ուլչենքօ կը յայտնէ, որ «մեզի համար մեծ յուսախաբութիւն է, որովհետեւ պաշտօնական այցելութիւններէն ետք երկու երկիրներուն միջեւ ուժանիւթի գործակցութեան առումով յառաջդիմութիւն կը նախատեսէինք»։
Ուլչենքօ Երեքշաբթի օր թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնած է, թէ «թրքական կողմի կեցուածքը չենք կրնար հասկնալ։ Կ՛ենթադրեմ, որ ծրագիրին վերաբերեալ կարգ մը տատամսումներ կան, սակայն նուազուրդին ջնջնումը աննախատեսելի էր»։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան տարուան սկիզբը տարբեր հարցերու, ներառեալ հիւլէական ուժանիւթի եւ իր ջուրերէն ռուսական խողովակաշարի մը արտօնութեան վերաբերեալ համաձայնութիւններ կնքած էին։
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարը յայտնեց, որ «երեք-չորս ամիսէն» նոր նուազուրդներ պիտի կատարուին հիւլէակայանին համար։