ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան նախագահի տեղակալ՝ երեսփոխան Օնուր Էօյմէնի դէմ մասնաւորաբար տերսիմցի քաղաքագէտներու ու արուեստագէտներու բողոքը կը սաստկանայ։ Էօյմէն անցեալ շաբաթ խորհրդարանին մէջ պարսաւեց Տերսիմի (Թունճէլի) ապստամբութիւնը եւ գովաբանեց այն զինեալ միջամտութիւնը, որ արիւնալի կերպով զսպեց այդ ապստամբութիւնը։ Էօյմէնի խօսքերուն մէջ ամենէն շատ անհանգստացնող կէտն այն էր, որ Աթաթիւրք բնաւ չբանակցեցաւ ապստամբներուն հետ։
Մեծ թիւով գործիչներ կը պահանջեն, որ Էօյմէն հրաժարի կուսակցութենէն, բայց ան անդրդրուելի կը մնայ, մանաւանդ, որ կուսակցապետ Տէնիզ Պայքալ ցարդ յստակ դիրքորոշում մը ցոյց չտուաւ անոր դէմ։ Երեքշաբթի օր, թրքական մամուլին մէջ հրատարակուեցաւ լուսանկար մը, որ ցոյց կու տար, թէ Պայքալ կ՛ուզէ տէր կանգնիլ Էօյմէնին։ Արդարեւ, կուսակցութեան խմբակի ժողովի ընթացքին Պայքալ նստած է Էօյմէնին քով, ցոյց տալու համար, թէ ան որեւէ վերապահութիւն չունի անոր նկատմամբ։
Միւս կողմէ, Թունճէլիէն արուեստագէտ Ֆէրհատ Թունչ բողոքի գրութիւն մը հրատարակեց ու կոչ ըրաւ բոլոր ալաուիններուն եւ քիւրտերուն, որ հեռանան կուսակցութենէն։
Նաեւ, Ալիշան Ասլան, որ ականատես եղած է 1937-38 թուականներու Տերսիմի սպանութեանց, հարց տուաւ Էօյմէնին. «Քու 3-4 տարեկան եղբայրներդ հրացանազարկ եղա՞ն»։ «Մեր մայրերը, հայրերը, զաւակները զոհ գացին այդ պատահարներուն, իսկ Էօյմէն «լաւ եղեր է» կ՛ըսէ», աւելցուց Ասլան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.