ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ ՀՀ ԱՄՆ դեսպանութեան հիւպատոսական բաժնին տուած տեղեկութիւններուն՝ 5650 քաղաքացի այս տարուայ տասը ամիսներուն դիմած է ԱՄՆ մուտքի ոչ ներգաղթային արտօնագիր ստանալու ակնկալիքով: Նոյն տեղեկութեան համաձայն՝ նախորդ տարի ոչ ներգաղթային վիզայի համար դիմողներու 53.3 տոկոսը մերժուած է: Նշենք, որ ԱՄՆ մուտքի ոչ ներգաղթային արտօնագրի համար կը գանձուի 131 տոլար: