ԿԱՊԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը Սիւնիքի գրադարաններուն նուիրած է 4111 նոր հրատարակուած՝ յատկապէս հայալեզու մանկական եւ գեղարուեստական գիրքեր, որոնք աւելի շատ ուղղուած են մեծ թիւով ընթերցող ունեցող գրադարաններուն։
Մարզային գրադարանի տնօրէն Սուսաննա Մինասեանին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ մարզին մէջ կան այնպիսի գրադարաններ, որոնք տարիներէ ի վեր չեն աշխատած, իսկ խոնաւութենէն, արեւէն ու ցուրտէն փճացած են արժէքաւոր գիրքեր։