ԱՆԳԱՐԱ.- Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Պէշիր Աթալայշ Քաղաքականութեան ակադեմիայի մէջ տեղի ունեցած «Քրտական հարցի կարգաւորումը» խորագրով խորհրդաժողովի ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ ընդգծած է, որ միջազգային բոլոր բեմերու վրայ Անգարան կը բախի երկու հզօր ուժերու հակազդեցութեան. «Մէկը հայկական Սփիւռքն է, իսկ միւսը՝ Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը», ըսած է նախարարը։
Աթալայ աւելցուցած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները նպատակ ունին յաղթահարելու երկու խնդիրներն ալ։ Ըստ անոր, տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ աշխարհասփիւռ հայերու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կարելի պիտի ըլլայ լուծել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ճամբով:
Աթալայ նաեւ յայտնած է, որ տարակարծութիւններ չկան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զարգացում մը տեսնելէ առաջ քայլեր պիտի չառնուին», վստահեցուցած է ան, անուղղակիօրէն ակնարկելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով ստորագրուած արձանագրութիւններու վաւերացման:
Արդեօք՞ Թուրքիա կրնայ արձանագրութիւնները վաւերացնել, բայց, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զարգացում մը տեսնելէ առաջ Ճամբայ բանալու քայլեր չարնէ. ինչպէս Հիլարի Քլինթըն՝ Հոգտեմբեր 10ին տեսնելով Նալպանդեանի վրդովումը (Տաուտօղլիի ճառախուսութիւն ընել/չնելու մասին) ըսաւ Նալպանդեանին «Լուռ ջունէիր՞ որ պայմաններ կային»։ Եթէ ոչ՛ ինչու Թուրքիոյ վարչապէտը և ԱԳ նախարարը շարունակեցին խոսիլ պայմաններու մասին.