ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ խորհրդարանական խմ-բակցութիւնը վերջերս շրջանառութեան մէջ դրած է տարբեր բնոյթի 27 օրինագիծ, որոնցմէ 10ին հանդէպ կառավարութիւնը տուած է բացասական եզրակացութիւն։
Դաշնակցութիւնը զարմացած է յատկապէս հայրենատիրութեան օրուան սահմանումը պահանջող նախագծի մերժումով՝ հաշուի առնելով, որ հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորները միշտ սիրած են «Հայրենատիրութիւն» բառին օգտագործումը։ Ըստ Դաշնակցական պատգամաւոր Վ. Յովհաննիսեանին՝ կառավարութեան կողմէ նշեալ օրինագիծը մերժուած է այն պահուն, երբ տակաւին վարչապետը չէր անդամագրուած հանրապետական կուսակցութեան եւ ծանօթ չէր ՀՀԿ քաղաքական բառապաշարին:
Նոյեմբեր 17ին, Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին հանդէս գալով յայտարարութեամբ՝ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավարը մտավախութիւն յայտնած է, որ կրնայ մերժուիլ նաեւ քրէական օրէնսգրքին մէջ փոփոխութիւն սահմանող օրինագիծը, ըստ որուն յատուկ պատիժ կը նախատեսուի Ցեղասպանութեան ուրացման եւ ժխտման համար. «մենք մինչեւ հիմա չունենք դրական եզրակացութիւն, այսինքն՝ մենք հիմա յետաձգել ենք, որովհետեւ չենք ուզում, որ բացասական եզրակացութեամբ նման օրէնքը քննարկուի Աժ-ում», ըսած է ՀՅԴ պատգամաւորը, ըստ որուն յանձնաժողովին քննարկումները ցոյց կու տան, որ օրինագիծին շուրջ մերժման տրամադրութիւնը կը բխի չարաբաստիկ պատմաբաններու յանձնաժողովի սպասուելիք գործունէութենէն:
Նոյն օրը քննարկուած է նաեւ ՀՅԴ խմբակցութեան մշակած օրինագիծը՝ 2008ի Մարտ 1ի դէպքերը ուսումնասիրող խորհրդարանական համակարգող յանձնաժողով ստեղծելուն վերաբերեալ, զոր ներկայացուցած է խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանը: Նախագիծը կ՛առաջարկէ յանձնաժողովը օժտել աւելի մեծ լիազօրութիւններով, քան իր առաքելութիւնը աւարտած մարտիմէկեան խորհրդարանական յանձնաժողովը: Ըստ Մինասեանի՝ յանձնաժողովի կազմին մէջ, բացի խորհրդարանական ուժերէն, պէտք է ընդգրկուին նաեւ արտախորհրդարանական մասնագէտներ:
Ա. Մինասեան նշած է, որ բոլոր որոշումները յանձնաժողովը պէտք է կայացնէ փոխհամաձայնութեան հիման վրայ եւ միայն բացառիկ պարագաներու՝ քուէարկութեամբ: Պատգամաւորը նաեւ առաջարկած է յետաձգել օրինագիծին քուէարկութիւնը, որպէսզի այնտեղ ներառուին խորհրդարանական միւս ուժերուն առաջարկները եւս:
Նոյն հարցին շուրջ ելոյթ ունենալով՝ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը յայտարարած է, որ յանձնաժողով ստեղծելու նպատակն այն է, որ «ընտրութեան գնացող քաղաքացին գնայ ընտրութեան, այլ ոչ թէ պատերազմի, որպէսզի ՀՀ քաղաքացին ընտրութիւնը ընկալի որպէս իր կամքի արտայայտման ակտ, այլ ոչ թէ բարիկադների կառուցում ու զանազան սադրանքների ենթարկուել-չենթարկուելու գործողութիւններ: Ի վերջոյ, այս առաջարկներն ուղղուած էին քաղաքակիրթ հասարակութիւն կառուցելուն: Խորհրդարանի մեծամասնութեան տրամադրութիւնները եւ մասնակցութեան ձեւը ցոյց են տալիս, որ մեծ է այս նախագիծը մերժելու հաւանականութիւնը, փոխարէնը՝ մերժման դիմաց չի առաջարկուելու ոչինչ: Կարծում եմ՝ փորձ է արուելու այս առաջարկը տապալել, կամ, ինչպէս ասում են, «ջրել»: Պարզապէս յիշեցնեմ, որ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը արդէն տուել է այսպիսի յանձնաժողով ստեղծելու իր նախնական համաձայնութիւնը: Եթէ նրանց ճիշդ չի թւում յանձնաժողով ստեղծելու այս ձեւը, ապա թող առաջարկեն իրենց տարբերակը: Սակայն՝ ըստ անենայնի, նրանց կողմից այսօր ոչինչ էլ չի առաջարկուելու»:
Նիստին ընթացքին, «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Մարտիրոսեանը յայտարարած է, որ իրենք պիտի քուէարկեն յօգուտ օրինագիծին, իսկ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանին կարծիքով՝ խորհրդարանին մէջ վերահսկողական լիազօրութիւններու մէջ յանձնաժողովները շատ են եւ նորը ստեղծելը անիմաստ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.