ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լոս Անճելըսը հայկական քաղաք չէ: Եթէ ըլլար, այս օրերուն պէտք է իւրաքանչիւր թաղի վրայ ժողովրդային հաւաքներ կազմակերպուէին, քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ, հանրութիւնը տեղեակ պահելու համար այս պահուն մեզ տագնապեցնող գլխաւորագոյն հարցի՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրման գործընթացի մասին, բացատրելով վերջին իրադարձութիւնները, անոնց տուն տուող ազդակները, մեր բոլորիս ընելիքները:
Թաղային հաւաքները օգտակար կ՛ըլլան իրենց անմիջականութեամբ, զեկուցողներու եւ մասնակիցներու միջեւ զրոյցներ յառաջացնելու հնարաւորութեամբ:
Լոս Անճելըսի մէջ թաղեր չկան, թաղային կազմակերպութիւններ չկան, կան քաղաքային, արուարձանային բաժանումներ, պայմանական՝ անշուշտ:
Վաղը, օրինակ՝ Սան Ֆերնանտօ հովիտի շրջանի հայութիւնը հրաւիրուած է ժողովրդային հաւաքի մը՝ Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, ուր երկու զեկուցողներ, հայերէնով եւ անգլերէնով պիտի անդրադառնան քաղաքական վերջին զարգացումներուն ու պիտի պատասխանեն ներկաներու հարցումներուն:
Կազմակերպողը այդ քաղաքի մէջ գործող ՀՅԴ կազմակերպական միաւորն է, «Ռոստոմ» կոմիտէն:
Եթէ ես այդ քաղաքի մէջ գործող որեւէ հասարակական կազմակերպութեան անդամ ըլլայի, մանաւանդ եթէ մշակութային, բարեսիրական, մարզական, հայրենակցական, կրթական որեւէ միութեան շարքային անդամ կամ վարչական պատասխանատուութիւն ունեցող անձ ըլլայի, անպայման պահանջք պիտի զգայի ներկայ ըլլալու այս տեսակի հաւաքներու, որպէսզի նախ յագեցնեմ իմ հետաքրքրութիւնս, ապա լուսաբանուիմ, որպէսզի իմ կարգիս, իմ շրջանակիս մէջ կարենամ պատասխանել ինձմէ բացատրութիւններ ակնկալող ընկերներուս, գործակիցներուս:
Այսպիսի բացատրական հաւաքներու կարիքը շատ զգալի է: Նման հաւաքներով, նաեւ, յաւելեալ երաշխիք կը ստեղծուի, որ յետագայ համաժողովրդական հաւաքներուն ու ցոյցերուն աւելի մեծ թիւով մասնակիցներ ըլլան, որովհետեւ աւելի մեծ պիտի ըլլայ թիւը այն անձերուն, որոնք պիտի անդրադառնան, թէ հաւաքաբար որքան աւելի ազդու կրնանք ըլլալ, որ մեր ստուար ներկայութեամբ որքան հեռու կրնանք հասցնել մեր ձայնը, մեր պահանջները, մեր մտահոգութիւններ, որպէսզի անոնք լսուին՝ մինչեւ Երեւան: