ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Նիուզ.ամ» կը հաղորդէ, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ղազախստանի իր պաշտօանկիցի Քանաթ Սաուտապայեւի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ԵԱՀԿը տարածքային հակամարտութիւնները, ինչպէս Ղարաբաղի, Մերձտնեսթրի եւ Քոսովոյի հակամարտութիւնները, պէտք է կարգաւորէ նախապէս ընդունուած ձեւաչափով։
Լաւրով վստահութիւն յայտնեց, թէ Ղազախստանը ԵԱՀԿի նախագահի պաշտօնին մէջ պատասխանատու կերպով պիտի մօտենայ այդ խնդիրներուն։
2010ին ԵԱՀԿի նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ Ղազախստան, հանդիսանալով կազմակերպութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնած նախկին խորհրդային առաջին երկիրը:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննած են նա-եւ Կասպից ծովու իրաւական կարգավիճակի հարցը։