ԵՐԵՒԱՆ.- Ըստ Երեւանի Համաշխարհային դրամատան կողմէ Նոյեմբեր 17ին հրապարակուած «Հայաստան. աղքատութիւնը եւ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի սոցիալական հետեւանքները» վերլուծութեան՝ վերջին տասնամեակին առաջին անգամ ըլլալով՝ այս տարի Հայաստանի մէջ արձանագրուած է ընդհանուր աղքատութեան աճ:
«Մեր նախնական վերլուծութիւնը կը վկայէ, որ ընդհանուր աղքատութիւնը Հայաստանի մէջ, այս տարուայ երկրորդ եռամսեակին հասած է 28.4 տոկոսի՝ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի 25.6 տոկոսին համեմատ: Այլ խօսքով՝ աղքատներուն թիւը այդ ընթացքին աճած է աւելի քան 90 հազարով: Գրեթէ կրկնապատկուած է Հայաստանի մէջ ծայրահեղ աղքատութեան աստիճանը՝ 3.6էն հասնելով 6.9 տոկոսի, երկրին մէջ ծայրահեղ աղքատներուն թիւը աւելցնելով 107 հազարով», յայտարարած է վերլուծութիւնը իրականացուցած ՀԴ աւագ տնտեսագէտ Լիրէ Էրսատոն:
Համաշխարհային դրամատունը իր վերլուծութեան մէջ օգտագործած է Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալները, ըստ որուն՝ 2008 թուականին Հայաստանի մէջ աղքատներուն թիւը կազմած է բնակչութեան 23.5 տոկոսը՝ կամ աւելի քան 760 հազար մշտական բնակիչ, իսկ անոնց մօտաւորապէս 100 հազարը ծայրահեղ աղքատներն են:
Ըստ Լիրէ Էրսատոյին՝ Հայաստանի մէջ տնտեսական ճգնաժամը զգալիօրէն աւելցուցած են աշխատելու նպատակով երկրէն մեկնած եւ այս տարի վերադարձած ՀՀ քաղաքացիները։
Այս բոլորով մէկտեղ, ՀԴ աւագ փորձագէտը դրական գնահատած է Հայաստանի կառավարութեան հակաճգնաժամային քայլերը:
«Ճգնաժամին դէմ պայքարի ե՛ւ կառավարութեան, ե՛ւ տնային տնտեսութիւններուն ձեռնարկած քայլերը, կրնան նուազեցուցած ըլլալ անոր բացասական հետեւանքները երկրին մէջ: Առանց այդ համատեղ ջանքերուն, աղքատութեան աճը կրնար կազմել մօտ 7.6 տոկոս», յայտարարած է Լիրէ Էրսատոն: