ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանցի քաղաքագէտ Ռասիմ Աղաեւ «Թուտէյ.ազ» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Պաքու-Թիֆլիս-Ախալքաք-Կարս նախագիծին: Ըստ իրեն, ամէն բան պայմանաւորուած է անով, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները բարելաւման հետեւանքով ի յայտ կրնան գալ փոխադրական նոր միջանցքներ։ «Նման յարաբերութիւններու հաստատումը ընդհանուր հաշիւով կը փոխէ նաեւ շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, պիտի նպաստէ քաղաքական մթնոլորտի առողջացման, ու պիտի ստեղծէ նոր հնարաւորութիւններ», նշած է Աղաեւ։
«Կը կարծեմ, որ եթէ սահմանները բացուին, իսկ այդ մասին գրեթէ կասկած չունիմ, ապա նախատեսուած նախագիծերէն շատերը պիտի վերանայուին, կամ յետաձգուին։ Ամբողջովին պիտի վերանայուի «Նապուքօ» նախագիծը, տարբեր կերպով պիտի դիտուին մեր ելքերը դէպի Թիֆլիս. չէ՞ որ անոնք պարտադրուած էին։ Վրաստանի տարածքով ուղիները հաստատուած են հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան եւ հայ-թրքական լարուած յարաբերութիւններուն հետեւանքով, նաեւ հաշուի առնելով իրանական գործօնը», յայտարարած է ան։ Ըստ իրեն, Վրաստանի կարգավիճակը լիովին պիտի փոխուի։ «Այդ երկիրը կրնայ դադրիլ Հայաստանի համար հաղորդակցութեան միջանցք ըլլալէ։ Մեզի համար նոյնպէս անիմաստ կը դառնայ ամէն ինչ ներածել Վրաստանի տարածքով։ Չէ՞ որ ատիկա աւելի սուղ է», նշած է Աղաեւ։