ՍԻՆԿԱՓՈՒՐ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Կիրակի, Նոյեմբեր 15ին, Իրանի հիւլէական թղթածրարին հարցով ապահովեց Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ամենէն ուժեղ զօրակցութիւնը եւ զգուշացուց Թեհրանը, թէ «ժամանակը կը հատնի»։ Օպամա յուսախաբութիւն յայտնեց, որ ՄԱԿի կողմէ առաջարկ մը ստանալէն երեք շաբաթ ետք՝ Իրան տակաւին պատասխան չէ տուած, իսկ Մետվետեւ ակնարկեց, թէ նոյնիսկ Ռուսիոյ համբերութիւնը սկսած է սպառիլ։
Սինկափուրի մէջ Ասիա-Խաղաղական տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, Մետվետեւ նաեւ յայտարարեց, որ եթէ տագնապը շարունակուի, Թեհրան պատժամիջոցներու վտանգը պիտի դիմագրաւէ։
Այս ծիրին մէջ, «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու յայտնած է, որ ինք Իրանի հարստացուած իւրանիոմը Թուրքիոյ մէջ պահելու ծրագիր մը առաջարկած է Թեհրանի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.