ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ՝ «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13ին, հրապարակուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, թէ իսրայէլացիներուն կէսէն աւելին (57 առ հարիւր) կը զօրակցի պաղեստինեան «Համաս» շարժումին հետ խաղաղութեան բանակցութեանց, եթէ այս վերջինը ճանչնայ Իսրայէլը։ «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլեան «Երկխօսութիւն» հիմնարկի կողմէ կատարուած հարցախոյզին համաձայն, իսրայէլացիները վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն աւելի Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը կ՛այպանեն խաղաղութեան բանակցութեանց տեղքայլին համար: