ԱՐՑԱԽ, «Փանորամա».- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան դատախազութիւններուն միջեւ ստորագրուած իրաւական փոխօգնութեան եւ տեղեկատուութեան փոխանակման մասին համագործակցութեան համաձայնագիրին ծիրին մէջ՝ ՀՀ դատախազութիւնը ԼՂՀ դատախազութենէն ստացած է տեղեկատուութիւն, ըստ որուն 1990-1992 թուականներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի տարբեր բնակավայրերու մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւններուն եւ հայերու բնաջնջումներուն վերաբերեալ յարուցուած են տարբեր քրէական գործեր՝ ցեղասպանութեան, ահաբեկչութեան եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններուն յատկանիշներով, որոնց քննութեամբ պարզուած եւ հիմնաւորուած են ատրպէյճանցի գրոհայիններուն կողմէ կատարուած շարք մը ահաբեկչութիւններ:
Նոյն տուեալներով՝ Մարտակերտի, Կեչանի, Առաջաձորի, Սեյսուլանի, æայնթաղի եւ Միրբաշիրի մէջ, հայերուն հանդէպ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած են Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման աշխատակիցները։ ԼՂՀ իրաւապահները յաջողած են բացայայտել նշեալ աշխատակիցներէն շատերուն ինքնութիւնը, եւ մօտ 30 գրոհայիններ այժմ կը գտնուին հետախուզման մէջ։
Առ այժմ յայտնաբերուած են միայն Լեռնային Ղարաբաղի Առաջաձոր գիւղին մէջ իրականացած ահաբեկչական գործողութիւններու անմիջական կատարողներէն քանի մը հոգին։ 15 տարուան ազատազրկման դատապարտուած նշեալ ահաբեկիչները, Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ փոխանակուած են քանի մը հայ խաղաղ բնակիչով, սակայն Ատրպէյճանի մէջ անոնք ազատուած են իրենց պատիժէն։
ԼՂՀ դատախազութեան տրամադրած նիւթերը պիտի համալրեն Հայաստանի դատախազութեան եւ «այլատեացութեան կանխարգելման նախաձեռնութիւն» հասարակական կազմակերպութեան համատեղ ստեղծուող ելեկտրոնային արխիւը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.