ԼՈՆՏՈՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 9-12 Լոնտոնի մէջ իրականացած WTM (World Travel Market) զբօսաշրջային միջազգային հեղինակաւոր ցուցահանդէսին մասնակցելու նպատակով՝ Հայաստանէն մեկնած են Զբօսաշրջութեան զարգացման հայկական գործակալութեան (ԶԶՀԳ) եւ զբօսաշրջութեան ասպարէզին մէջ յայտնի ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
Առաջին անգամ ըլլալով, առանձին տաղաւարով այս ցուցահանդէսին մասնակցելու համար Լոնտոն մեկնած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը՝ ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր Զբօսաշրջային վարչութեան պետ Սերգէյ Շահվերդեանի գլխաւորութեամբ: Ցուցահանդէսին առաջին օրը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տաղաւարներ այցելած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ գործող Հայաստանի դեսպան Վահէ Գաբրիէլեան, որ զրուցած է մասնակիցներուն հետ եւ քննարկած բրիտանական շուկային մէջ Հայաստանի ու Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն առաւել արդիւնաւէտ ներկայացման հնարաւորութիւնները: