ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ սկսաւ պայքարը «Իւրովիզիոն 2010» մրցումին մէջ երկիրը ներկայացնելու համար։ Էն.Թի.Վի. հեռատեսիլի կայանը իր կայքէջին վրայ երկրորդ սկզբնական փուլի հարցախոյզ մը կազմակերպեց եւ կայքէջի այցելուները կարելիութիւն ստացան քուէարկելու իրենց թեկնածուին ի նպաստ։ Քուէարկութեան մասնակցած են 15 հազար մարդ եւ առաջին հանդիսացաւ հայազգի Հայկօ Չէփքին, որ հաւաքած է քուէներու 15.94 տոկոսը։ Հայկօ Չէփքին առաջ անցած է մասնաւորաբար Թարքանէն, որ իրմէ չորս տոկոսով ետ մնացած է։ Հայկօ տակաւին առաջին կարգի վրայ է, իսկ երրորդ փուլ, բացի հայազգի ռոք-երգիչէն, անցած են նաեւ տաս այլ երգիչներ, որոնք պիտի պայքարին յաղթանակի համար։