«Արմէնիքա» համացանցային կայքը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ թուայնացուցած է Շուէտի Ազգային եւ Պատերազմական արխիւներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին գտնուած փաստաթուղթերը, որոնց մէկ մասը արդէն իսկ համացանցին վրայ զետեղուած է: Փաստաթուղթերը կարելի է տեսնել այցելելով www.armenica.org/cgi-bin/armenica.cgi?=2 համացանցային կայքէջը: