ԻԳԴԻՐ, «Նիուզ».- Թրքական «Songun» կայքէջին տուած տեղեկութիւններով՝ Իգդիրի մէջ գործող հակահայկական կազմակերպութիւն մը կազմակերպած է ստորագրահաւաք մը հայ-թրքական սահմանի բացման դէմ:
Իգդիրի «Անհիմն հայկական պնդումներուն դէմ պայքարի միութիւն» (ASIM-DER) անունով՝ կազմակերպութիւնը սկսած է ստորագրահաւաք իրականացնել՝ մինչեւ ղարաբաղեան խնդրի լուծումը հայ-թրքական սահմանի բացումը մերժելու պահանջով։ 7 օրուան ընթացքին հաւաքուած ստորագրութիւնները պիտի ուղարկուին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Կազմակերպութեան նախագահ Գեօքսել Գիւրբէյը նշած է. «Հայերը կը ցանկան, որ սահմանը բացուի, սակայն կը շարունակեն իրենց մամուլին մէջ կրկնել, որ դուրս պիտի չգան «գրաւեալ» տարածքներէն: Գեօսքեյը պնդած է, որ եթէ հայերը կ՛ուզեն Իգդիրի հատուածի սահմանը բացուի՝ պէտք է վայրկեան առաջ ազատեն ատրպէյճանական հողերը:
Նշեալ կազմակերպութեան անդամներէն մէկը՝ ցոյց տալով հայկական դրամին վրայ նկարուած Արարատ լեռը յայտնած է, թէ իրենք չեն ուզեր այդ դրամներով առեւտուր ընել հայերուն հետ։
Նշենք, որ Իգդիրի բնակչութեան կէսը ատրպէյճանցիներ են, որոնք կը պնդեն, թէ սահմանը կը բացուի միայն Ղարաբաղի խնդիրը լուծելէ յետոյ, իսկ տարածքին մէջ հետզհետէ մեծ թիւ կազմող քիւրտերը կը նշեն, թէ կողմ են առանց նախապայմաններու սահմանի շուտափոյթ բացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.