ՓԱՐԻԶ.- ՀՅԴ Մամլոյ դիւանէն ստացած ենք հաղորդագրութիւն մը, որ կը յայտնէ.
ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով, Շաբաթ 14 Նոյեմբեր 2009ին, Փարիզի Ալֆորվիլ շրջանին մէջ, գումարուեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի մարմիններու Ռայոնական (տարածքաշրջանային-Խմբ.) ժողովը։ Ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան եւ անդամներ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Լեւոն Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Շուէտի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Պուլկարիոյ, Իտալիոյ, Անգլիոյ եւ Երուսաղէմի մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ պատասխանատու այլ ընկերներ։
Ժողովի օրակարգին վրայ էր Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններու հաստատման գծով ստորագրուած արձանագրութիւններու նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութեան քննարկումը, ինչպէս նաեւ ընթացիկ ընելիքներու հարցը։
Ժողովին ներկայ եղող Եւրոպայի կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչները վճռակամօրէն եւ միաձայնութեամբ վերահաստատեցին իրենց մերժողական կեցուածքը արձանագրութիւններուն նկատմամբ, արժեւորեցին կատարուած աշխատանքներուն ընթացքը ու ճշդեցին յառաջիկայի գործունէութեան թիրախները։
Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ արտաքին թէ ներազգային ուղղութեամբ տարուող քարոզչական աշխատանքներու ծաւալումը։
Ժողովի մասնակիցները հաստատեցին, որ ներկայ իրավիճակին մէջ պէտք է յաւելեալ թափ տալ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն եւ Եւրոպայի մէջ ապահովել հայանպաստ հասարակական կարծիքի ձեւաւորումն ու արտայայտումը։ Շեշտուեցաւ, որ որեւէ պարագայի պէտք չէ թոյլ տալ, որ հայկական միասնականութիւնը խախտուի եւ պառակտում յառաջանայ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ։
Ժողովը արձանագրեց, որ ծաւալելով մեր աշխատանքներու ընթացքը, Թուրքիան պէտք է համոզուի, որ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ նման արձանագրութիւններու ստորագրման փաստէն անկախ, անկարելի պիտի ըլլայ խուսափիլ հայութեան պահանջատիրութենէն։
Քննարկումներու նիւթ դարձան նաեւ յառաջիկայ աշխատանքներու համադրման հարցեր եւ որոշուեցաւ նմանօրինակ հանդիպումներ կրկնել պարբերաբար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.