ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Քուրսըր» կայքէջը՝ մէջբերելով իսրայէլեան «Տէպքա» կայքէջէն, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյացած է գաղտնի համաձայնութիւն մը, որուն համաձայն Անգարա Թեհրանի կը փոխանցէ հետախուզական տեղեկութիւններ, որոնք վերջինիս թոյլ կու տան խուսափիլ իսրայէլեան հարուածէ մը։
Համաձայնութիւնը գոյացած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի միջեւ՝ Էրտողանի Թեհրան այցելութեան ընթացքին։
Թուրքիա խոստացած է Իրանի տեղեկութիւն փոխանցել նաեւ ամերիկեան ոյժերու տեղաշարժերուն մասին։
Կը հաղորդուի, թէ թրքական բանակի հրամանատարութիւնը սկիզբը դիմադրած է երկրի վարչապետի այդ ծրագիրին, սակայն յետոյ ընդունած է զայն։ «Քուրսըր» կը նշէ, որ այսպիսով, ըստ էութեան վերջնականապէս կը տապալի Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմավարական դաշինքը, իսկ Իսրայէլի դէմ հիւսիսային ճակատը կ՛ամրանայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.