ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն անգամ, որ որեւէ միութիւն հայ մշակոյթին նուիրուած ներքին կամ հրապարակային ձեռնարկ մը կը կազմակերպէ, ինքնաբերաբար միտքս կու գայ ուսուցիչներէս ժառանգ մնացած այն հաստատումը, թէ մեր «ժողովուրդի դարաւոր մշակոյթը մեր ազգային ինքնապահպանման մեծագոյն յուշարարն է, ուստի անով զինուած պէտք է մեր ամէնօրեայ կեանքի պայքարի դաշտը իջնենք, մեր ազգային դիմագիծը անբիծ պահելու համար»:
Ու հաստատապէս, ճիշդ այս նպատակին համար էր, որ մեծ մարդիկ, ութ տասնամեակներ առաջ ծնունդ տուած էին Համազգայինին եւ զայն դարձուցած՝ մեր մշակոյթի համեստ, սակայն արթուն այն պահակը, որ Հայրենիքին մէջ եւ անկէ անդին, աշխարհացրիւ իր մասնաճիւղերով, գեղարուսետական միաւորներով, թատերախումբերով, երգչախումբերով եւ պարախումբերով, մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ հոգեկան հայրենիք կը կառուցանէ եւ հայութեան աւիշ կը տարածէ:
Այս բոլորը՝ որպէսզի աւանդը շարունակուի եւ մեր ձեռք ձգած մշակութային ժառանգը մեր յետնորդ սերունդներուն կողմէ ալ պաշտպանուի, եւ որպէսզի այս սրբազան ժառանգը չմաշի, փոշիի չվերածուի ու այս ձեւով մեր բոլորին գոյատեւումը ապահովուի:
Մեկնելով այս գեղեցիկ նպատակակէտէն, Փասատինայի Համազգայինի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Կիրակի, 1 Նոյեմբեր, 2009ի յետ միջօրէի ժամը 4ին, Փասատինայի նախկին Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ Հայ մշակոյթի ամսուան նուիրուած կազմակերպեց ձեռնարկ մը՝ «Հայոց Պատմութիւն՝ հայկական տարազներու ընդմէջէն» թեմայով։ Ներկայ էին Համազգայինի՝ Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներ, Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի պատասխանատու քոյրեր, շրջանի յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, ու աւելի քան հարիւր յիսուն ծնողներ, հիւրեր, բարեկամներ, համազգայնականներ եւ մշակութասէրներ:
Բեմին երկու կողմերը գեղեցկօրէն զարդարուած էին Աստղիկ Հապոյեանի ձեռագործներով, որոնք կը ներկայացնէին Մարաշի, Այնթապի եւ Վանի հայկական ասեղնագործութեան եւ ձեռագործներու ու ծածկոցներու ժառանգութիւնները:
Բացման իր խօսքին մէջ, վարչութեան ատենապետուհի Սոնա Յարութիւն բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան իր խօսքերէն ետք, նախ պարզեց, թէ մեր Հայրենիքի վերջին քաղաքական հարցերուն հետ առընչուող՝ շրջանի հրապարակային բողոքի ցոյցերը արգելք հանդիսացած էին այս ձեռնարկի օրին կազմակերպման: Ապա, վեր առնելէ ետք Համազգայինի վերապահուած մշակութային յատուկ դերերը, ատենապետուհին անդրադարձաւ օրուան յայտագրին շեշտելով, թէ շուրջ յիսուն տղաք ու աղջիկներ պիտի ներկայացնեն Հայոց պատմութիւնը՝ հայկական տարազներու ընդմէջէն, զգեստներու ցուցադրութեամբ, պատրաստուած՝ ծանօթ մասնագէտ եւ հայ մշակոյթի նուիրեալ՝ Լուսին Զէյթունցեանի կողմէ, եւ, ձեռնարկի աւարտին, առ ի երախտագիտութիւն Համազգայինի մեծ ընտանիքէն ներս իր տարիներու ծառայութեան՝ վարչութիւնը հրապարակային կերպով պիտի պարգեւատրէ իր վաստակաշատ անդամուհիներէն՝ Մարօ Թիւթելեանը:
Ատենապետուհին յատուկ շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեց շրջանի ՀՅԴ Լեռնավայր Կոմիտէին, շրջանի բոլոր քոյր եւ յարակից միութիւններուն եւ գաղութի հայութեան, իրենց անսակարկ զօրակցութեան համար:
Սօնա Ճիկէրեան նախ ներկայացուց Լուսին Զէյթունցեանը տալով անոր կենսագրութեան ամփոփ գիծերը: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց տիկին Զէյթունցեանի պատրաստած այս պատմական ցուցադրութիւններուն արժանացած գնահատականները եւ աւելցուց, թէ «22 տարիներէ ի վեր այս ցուցադրութիւնը կը շարունակուի, եւ այս օրուան ձեռնարկը այդ շարքին 25րդն էր»: Ճիկէրեան կարդաց նաեւ հայրենի ծանօթ դերասան եւ բեմադրիչ Երուանդ Ղազանճեանի գնահատական սրտի խօսքը, ուղղուած տիկին Զէյթունցեանին:
Իր կարգին հիւր արուսետագիտուհին նախ անդրադարձաւ իր պատրաստած պատմական զգեստ-ներուն մասին, որոնք քիչ ետք պիտի ներկայացուէին Համազգայինի նոյն մասնաճիւղի «Լոռի» պարախումբի երկսեռ անդամներու կողմէ:
«Ազգային որոշ պիտակով», ըսաւ Զէյթունցեան, «այս զգեստները, հայոց պատմութեան ընդմէջէն մեզի հասած են: Անոնք կը ներկայացնեն մեր պարզ ժողովուրդն ու պալատականները: Այս բոլորը նուիրական պարտքէ աւելի պահանջք մըն են: Պէտք է գուրգուրալ անոնց վրայ»: Անդրադառնալով զգեստներու հիւսուածքին, կերպասին, ձեռագործին, գոյներուն եւ ձեւին, գլխարկի կամ թագի զարդարանքին եւ նոյնիսկ գօտիին, մէկ խօսքով անոնց ձեւին ու ոճին, Լուսին Զէյթունցեան շեշտեց թէ սերունդէ սերունդ մեզի հասած մշակութային այս ժառանգը, պէտք է դառնայ մեր բոլորին հոգածութեան եւ սիրոյն առարկան:
Իր խօսքէն ետք, իրերայաջորդ կերպով բեմ եկան մեր պատմական քաղաքներու, գիւղերու, նոյնիսկ գաւառներու մէջ օգտագործուած հայկական բազմազան տարազներէն նմոյշներ, որոնք կը հրամցուէին Փասատինայի Համազգայինի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի «Լոռի» պարախումբի շուրջ 50 երկսեռ մեծ ու փոքր անդամներուն կողմէ, եւ որոնք երկար ծափողջոյններով ընդունուեցան խանդավառ սրահին կողմէ: Իւրաքանչիւրի բեմ ներկայութեան, Լուսին Զէյթունցեան տուաւ այդ տարազին պատմական եւ գեղարուսետական որոշ կէտերն ու բացատրութիւնները, որոնք մեծապէս նպաստեցին ձեռնարկին յաջողութեան:
Սկսելով ցուցադրութեան, նախ հրամցուեցան հետեւեալ ժողովրդական տարազները.-
1- Մարաշի կանացի տարազը. շեշտուեցան հագուստը զարդարող ասեղնագործն ու ուլունքները, որոնք 19րդ դարուն Կիլիկիոյ մէջ կÿօգտագործուէին:
2- Մարաշի տղու տարազ. կարմիր ֆէսով:
3- Զէյթունի տղու տարազ. բուրդէ կերպաս, սեւ եւ կապոյտ գոյնի շալվարով:
4- Այնթապի կանացի հագուստ. գիշերանոց, ձեռագործով:
5- Սեբաստիոյ նոր հարսի տարազ. մետաքս:
6- Ակնայ կանացի տարազ. Սիամանթոյի մօր հարսնութեան զգեստը բնորոշող, գլխու արծաթեայ զարդարանքով:
7- Տրապիզոնի կանացի տարազ. մետաքսեայ գծաւոր գօտիով:
8- Տրապիզոնի հայ տղու տարազ. թաւիշէ կարճ ժաքէթով:
9- Սասունի կանաց տարազ. կերպասին աչքառու գոյներով, կանաչ գոգնոցով եւ մանաւանդ կենաց ծառը բնորոշող ձեռագործով:
10- Սասնայ տղու տարազ:
11- Սասունի տղամարդու տարազ. ջուլհակի վրայ:
12- Կարնոյ հարսի տարազ. բաց գոյնով մետաքսէ գլխարկ՝ իբրեւ գլխու զարդարանք, յիշուեցաւ թէ Կարսինն ու Արտահանինը նոյնանման էին:
13- Վասպուրականի կանացի տարազ. ազգային գոյները պահպանուած են՝ բուրդէ ձեռագործով գոգնոց:
14- Վասպուրականի տղամարդու տարազ։
15- Վանի քաղաքացիի տարազ. հայկական աւանդական տարազ՝ կիսաեւրոպականացած գոյներով:
16- Կիւմրեցի աղջկան տարազ:
17- Էրզրումի նահանգի տարազ:
18- Շատախի Վանի գիւղաքաղաք տարազ. բուրդի առատ ներկայութիւն:
19- Երեւանի կանացի տարազ. մեծահարուստ ընտանիքի զատկական հագուստ:
20- Լոռեցի տղամարդու տարազ. Կովկասեան ձեւ՝ բուրդէ գուլապայով:
21- Արցախի կանացի տարազ. ձմրան մուշտակ:
22- Թիֆլիսի կանացի տարազ. գրեթէ Երեւանեանին կերպարով:
23- Պարսկահայու տարազ. ոճով եւ ձեւով Թիֆլիսի նման:
24- Զանգեզուրի պատանի աղջկան տարազ. Սիւնիքի նման հաստ վերարկուով:
25- Զանգեզուրի կանացի տարազ. հաստ բամպակով եւ արծաթէ զարդարանք:
26- Նոր æուղայի ազնուական տիկնոջ տարազ:
Ասոնց յաջորդեց հայկական թագաւորական կամ արքայական պատմական զգեստներու ցուցադրութեան բաժինը:
1- Ուրարտուի երիտասարդ թագաւոր Արգիշտիի տարազը:
2- Տրդատ Թագաւոր եւ Աշխէն թագուհի. ոսկեթել ձեռագործ՝ թագին վրայ՝ խաչ:
3- Լեւոն Դ. Թագաւոր եւ Զապէլ Թագուհի. 1305ի Կիլիկիոյ շրջան. ոսկեթել առիւծներ՝ հայկական գոյներով. լաւագոյն օրինակը հայ ինքութեան՝ հակառակ օտար արշաւանքներու եւ մշակութային զանազան ազդեցութիւններու:
4- Իր հայրենիքին համար զոհուող հայ զինուորի տարազ, Տիգրան Բ.ի դրօշակով:
5- Մեծն Տիգրան. Արքայից Արքայ:
Վերջաւորութեան՝ հայկական տարազներով փոքրիկներ, տարբեր անուշութիւն մը բերին բեմին:
Հետաքրքրականը, հպարտալին ու խանդավառիչը այն էր, որ գրեթէ բոլոր զգեստներու ցուցադրութեան կամ ներկայացման աւարտին, երբ երիտասարդ զգեստաւորներու զոյգը սրահին մէջ երկարող բեմահարթակին վրայէն դէպի բեմ կը վերադառնար, նոյն այդ տարազաւոր աղջիկն ու տղան միասին հայկական կարճ պարով մը ելոյթ կ՛ունենային մայր բեմին վրայ:
Ասիկա առաւել եւս հայկականութիւն կը բուրէր ու մեծապէս կը նպաստէր հմայուած սրահին անվերջ խանդավառութեան, եւ միաժամանակ կ՛արժանանար մշակութասէր ներկաներու երկարատեւ ծափողջոյններուն:
Ապա տարազներու այս գեղեցիկ ու պատմական ցուցադրութեան աւարտին, բոլոր մասնակիցներու ներկայութեան, Րաֆֆի Հարպոյեան իր կարգին բեմ բարձրանալով յայտնեց, թէ վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր այս առիթով պատուել նաեւ իր անդամուհիներէն Մարի Թիւթելեանը:
Հարպոյեան ամփոփ կերպով ներկայացուց Թիւթելեանի կենսագրութիւնը եւ միեւնոյն ատեն շեշտեց պարգեւատրեալ ընկերուհիին տարիներու վաստակը Հալէպի եւ Փասատինայի Համազգայինէն ներս ու յիշեց նաեւ անոր հայ մշակի հանգամանքը Հալէպի եւ Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարաններուն մէջ, իբրեւ հայ լեզուի տարիներու ուսուցչուհի:
Ատենապետուհի Սոնա Յարութիւնեան վարչութեան անունով համազգայնական Մարի Թիւթելեանին յանձնեց յատուկ գնահատագիրը:
Մարի Թիւթելան իր կարգին յուզուած՝ սրտի իր խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ յիշեց Հալէպի նախկին վարչական ընկերներէն տէր եւ տիկին Կարպիս Դերձակեանները, տէր եւ տիկին Միքայէլ Յովհանէսեանները եւ Կիթառիկ Գաբրիէլեանը, որոնք ձեռնարկին ներկայ էին:
Յանուն Լոս Անճելըսի Համախարբերդի Հայրենակցական միութեան՝ վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Աճէմեան ծաղկեփունջով մը պատուեց խարբերդցի իր հայրենակցուհին:
Վերջաւորութեան՝ Րաֆֆի Հարպոյեան կրկին շեշտեց ձեռնարկին կարեւորութիւնը եւ անկէ ծնունդ առած հայու պահանջատիրութիւնը եւ յատուկ շնորհակալութիւններ յայտնեց մասնաճիւղի «Լոռի» պարախումբի պարուսոյց Լիլիա Մարգարեանին, որ պատրաստած էր տարազներու ցուցադրութեան ընկերացող համապատասխան հայկական գեղեցիկ պարերը:
Յայտագրի պաշտօնական բաժնէն ետք ներկաները հիւրասիրուեցան:
Անկասկած, շատ մը իրագործումներու կարգին, այս ձեռնարկը պիտի մնայ յիշատակելի՝ մասնաճիւղին տարեգրութեան մէջ։
Վարձքը կատար բոլոր մեծ թէ փոքր նուիրեալներուն, որոնք, անկասկած, ունեցան իրենց յատուկ տեղը, բաժինը եւ վաստակը՝ սոյն ձեռնարկի մեծ յաջողութեան մէջ:
Հարգելիներս ես աշխատում եմ Վիվա-Սել ՄՏՍ ընկերությունում , և մեր տարեկան միջոցառման ժամանակ հայտարարվել է մրցույթ , որի շրջանակներում այն մասնակիցները , ովքեր կներկայանան հին հայկական տարազներով և նաև կներկայացնեն իրենց հագած տարազի պատմությունը և պատկանելիությունը կարժանանան մրցանակի , ես արդեմ շրջել եմ գրեթե բոլոր պարի խմբակներով և թատրոններով , բայց իսկական տարազ չեմ գտել , խնդրում եմ օգնեք ինձ , շատ երախտապարտ կլինեմ : Միջոցառումը տեղի է ունենալու 21.12.2012 ժամը 17:00, Դուք իմ վերջին հույսն եք , ինձ կարող եք գրել phovsepyan@mts.am էլ. հասցեին
Կանխավ շնորհակալություն