ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Արաբ դիւանագէտներ եւ եմէնցի ըմբոստներ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5ին յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ ռազմական օդանաւերը ռմբակոծած են հիւսիսային Եմէնի շիի ըմբոստներու դիրքերը։ Ըստ անոնց, օդային յարձակումներէն ետք, սէուտական հրետանին հարիւրաւոր ռումբեր արձակեց շրջանին վրայ: Զոհերու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած:
Եմէնցի ըմբոստները, որոնք ծանօթ են հուսիներ անունով, անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին Եմէնի կառավարական ուժերուն դէմ կը ճակատին։ Անոնք կը գտնուին հիւսիսային Սաատա նահանգին մէջ, որ սահմանամերձ է Սէուտական Արաբիոյ։
Արաբ դիւանագէտներ նաեւ յայտնած են, որ յարձակումները «նկատառելի վնասներ պատճառած են» ըմբոստներուն եւ աւելցուցած են, թէ Եմէնի սահմանամերձ շարք մը սէուտական գիւղաքաղաքներու բնակչութիւնը հեռացուած է դէպի աւելի ապահով վայրեր։
Ո՛չ Սէուտական Արաբիա, եւ ոչ ալ անոր դաշնակից Եմէնի կառավարութիւնը հաստատած են յարձակումներուն լուրերը։