ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Երեքշաբթի օր, «Փաստարկ» ակումբի մէջ խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու հնարաւոր հաստատման մասին՝ Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Ալվարդ Պետրոսեան յայտնած է, որ արձանագրութիւններուն «այո» եւ «ո»չ ըսողները պէտք է նստին ու խօսին իրար հետ: Անոր կարծիքով՝ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը Ցիւրիխի մէջ կրնար չստորագրել փաստաթուղթ ու հերոսանալ: Ան համամիտ չէ որոշ պաշտօնեաներու պնդումներին, թէ Թուրք պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները ներքին սպառման համար են:
«Այսօր բզկտւում ենք, սակայն ընդհանուր յայտարարի չենք կարողանում գալ», յայտնած է Պետրոսեան: Իսկ վիճակը ճիշտ հասկնալու ու ճիշտ քայլեր անելու համար, իր համոզումով, պէտք է, որ արձանագրութիւններուն համոզուած «այո» եւ իսկապէս «ո»չ ըսողները նստին ու խօսին իրար հետ։
Այնքան ատեն, որ այս խօսակցութիւնը «չի ստացւում», ասպարէզ կը յայտնուին, Ալվարդ Պետրոսեանի ձեւակերպումով, հերարձակ հայրենասէրները։
Գրող, հրապարակախօս Ալվարդ Պետրոսեան յայտնած է թէ ՀՅԴն դէմ չէ հայ-թրքական սահմանի բացման, այլ՝ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցի գծով շտապողականութեան եւ արձանագրութիւններու ներկայ որակին: Պետրոսեան աւելացուցած է, որ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ քաղաքական ուժ թուրքի հետ յարաբերուելու այնքան մեծ փորձ ունի, որքան Դաշնակցութիւնը:
«Իսկ այդ փորձն ասում է, որ պէտք չէ շտապել. կան որոգայթներ, որոնք պէտք է յաղթահարել», ըսած է Ա. Պետրոսեան:
Ըստ անոր, ամբողջ ազգը, լքած ներքին շատ լուրջ տնտեսական, քաղաքական խնդիրներ, ինքզինք գտած է հայ-թրքական խաչմերուկին վրայ:
«Ազգային միասնութեան ընդհանուր յայտարարի գալու ոչ մի ցանկութիւն, կարծես, չկայ: Այս հարցի շուրջ դէմ եւ կողմ արտայայտուողներ պէտք է իրար հետ նստեն եւ գտնեն ճշմարտութեան կիզակէտը», նշած է ան: Ըստ անոր, այս հանգրուանին պէտք է առաւելագոյն զգուշութիւն ցուցաբերել, որովհետեւ «որոշւում է մեր երկրի ճակատագիրը»:
Ըստ իրեն, շատ յաճախ ՀՅԴին կը մեղադրեն անցեալէն դուրս չգալու յանցանքով: «Մենք անցեալից դուրս ենք եկել, սակայն այն չենք մոռանում», ընդգծեց Պետրոսեան: Անոր կարծիքով, խնդրի վերաբերեալ Թուրքիոյ յայտարարութիւնները Ատրպէյճանի ականջները շոյելու համար չեն միայն, այլ այդ մէկը թրքական հին քաղաքականութիւն է: «Այս հարցի հետ կապուած ցանկացած բան ասելիս ես վախենում եմ, ոչ թէ, որ ես վախկոտ եմ, այլ որովհետեւ վախենալու թեմա է: Պէտք է կասկածելով խօսենք այս թեմայի մասին: Ժողովուրդը պէտք է պատմութեան փորձերից դաս քաղի», ըսաւ պատգամաւորը, որ սակայն դրական կը համարէ, որ հայ-թուրքական յարաբերութիւններուն մէջ «ինչ-որ բան սկսուել է»: