ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- ԱԺ պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեան՝ Նոյեմբեր 2ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, թէ պիւտճէի ընդունումէն Հայաստանի բանակին մարտունակութիւնը որեւէ կերպ պիտի չտուժէ այլ պիտի արդիականանայ՝ հաշուի առնելով, որ պաշտպանութիւնը այն ոլորտն է, որուն ծախսերը համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին պատճառով չէ կրճատուած: «Պիւտճէի այն մակարդակը, որը ամէն տարի պահպանուել է պաշտպանութեան մասով՝ այդ 3.5 տոկոսը պահպանուած է», ըսած է Հ. Կարապետեան, ապա անդրադարձած այն բազմաթիւ դիմումներուն, զորս յանձնաժողովը ստացած է զօրակոչային տարիք ունեցող տղաներու ծնողներէն, ուր անոնք իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն չվերականգնուող առողջական խնդիրներ ունեցող եւ ՀՀ սահմաններէն դուրս գտնուող տղաներուն վիճակին մասին։ ԱԺ պատգամաւորին հաւաստումով՝ մտահոգութիւններուն պատճառը օրէնսդրական բացն է, եւ իրենց մշակած նախագիծին շնորհիւ կարելի է սպառիչ պատասխան տալ նշուած հարցերուն։
Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ նախաստորագրուած արձանագրութիւներուն հետ կապուած Դաշնակցութեան դիրքորոշման մասին, Հրայր Կարապետեան յայտնած է, թէ կուսակցութիւնը իր դիրքորոշումը չէ փոխած. ան հիմա ստորագրահաւաքը կը շարունակէ Հայաստանի մարզերուն մէջ:
«Ապացուցուեց այն իրողութիւնը, ինչը մենք ասում էինք մինչեւ արձանագրութիւնների ստորագրումը եւ դրանից յետոյ. Թուրքիան այսօր նախապայմաններ է դնում Հայաստանի առջեւ», նշած է Հ. Կարապետեան եւ աւելցուցած, որ ՀՅԴ պիտի շարունակէ ամէն ինչ ընել որպէսզի ստորագրուած արձանագրութիւնները չվաւերացուին:
«Մեր թիրախը լինելու է Սահմանադրական դատարանը, մենք փորձ ենք անելու այնպիսի իրաւական ձեւակերպումներ տալ ՍԴին, որոնք պէտք է ապացուցեն, որ վաւերացումը հակասում է ՀՀ Սահմանադրութեանը: Եթէ վաւերացրեց, յաջորդ թիրախը լինելու է Աժն: Բնական է, որ այստեղ պատգամաւորների հետ աշխատելու խնդիր կայ», ըսած է ԱԺ ՀՅԴ պատգամաւորը։
ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը, ըստ Հ. Կարապետեանի, յաճախ կը մոռնայ Հայաստանի նախագահին կողմէ հաստատուած ՀՀ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մասին: «Մենք այսօր հասել ենք նրան, որ Թուրքիայի արտգործնախարարի տեղակալը մասնակցում է Մինսկի խմբի վերջին նիստին։ Թուրքիան արդէն Մինսկի խմբի անդամ դառնալու յայտ է ներկայացնում։ Սրանք լիովին հակասում են մեր անվտանգութեան ռազմավարութեանը»,- յայտնած է պատգամաւորը, ըստ որուն Թուրքիա բնաւ նման աշխուժութեամբ չէ բարձրացուցած Ղարաբաղի հարցը, եւ արձանագրութիւններուն ստորագրումը անոր թոյլ տուած է ամրապնդել իր դիրքերը եւ աւելի առաջ երթալ։
Հակադարձելով ՀՅ Դաշնակցութեան այն պնդումներուն, թէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները ստորագրուած են ճնշումներու տակ՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նշած էր, որ անցած են այն ժամանակները, երբ Հայաստան կրնար որեւէ բան ստորագրել ճնշումներու տակ։
Նոյեմբեր 2ի ասուլիսին ընթացքին Հրայր Կարապետեան հակադարձած է Է. Նալբանդեանին. «ԱԳՆի յայտարարութիւնները փոխանակ ուղղուած լինեն թուրքական գործիչների յայտարարութիւնների չէզոքացմանը, ցաւօք սրտի, ուղղւում են ընդդիմութեան, մասնաւորապէս, այս դէպքում Դաշնակցութեան դիրքորոշումներին: Դա ցաւալի է, ի հարկէ: Իմ կարծիքով մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը համարժէք չի գործում իրավիճակին», ըսած է ՀՅԴ պատգամաւորը: