«ԱԶԴԱԿ»
Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներու համատեղ հանդիպումը լուսարձակի տակ է տարբեր պատճառներով։
Ամէն բանէ առաջ, հանդիպումին ձեւաչափը կարեւոր խորհուրդ կը պարփակէ իր մէջ։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները հայ ազատագրական շարժման թէ առհասարակ Սփիւռքի քաղաքականացման աշխատանքներուն մէջ անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ։ Իսկ այդ առումով բարձրագոյն մակարդակի վրայ համատեղ հանդիպումը ինքնին իբրեւ երեւոյթ ողջունելի է։ Աւանդական նկատուած այս կուսակցութիւնները ունին առանձնաշնորհեալ կարգավիճակը աշխարհատարած կառոյց ունենալու եւ իբրեւ այդպիսին հիմնովին կը զատորոշուին միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին գործող բազմատասնեակ կուսակցութիւններէն։
Անոնք թէ՛ իբրեւ կառոյց եւ թէ՛ իբրեւ գործունէութիւն համահայկականացած են եւ իրենց գործադաշտին ներառած ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այնպէս ալ սփիւռքեան զանազան շրջաններ։ Քաղաքական այս երեք կուսակցութիւններէն զատ Սփիւռքի մէջ կուսակցական դաշտ գոյութիւն չունի։
Պաշտօնական ամփոփ տեղեկատուութիւնը այս հանդիպման մասին կը յայտնէ, որ «փոխադարձ ըմբռնումի մթնոլորտի մէջ քննարկուեցան Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող այլ հարցեր։ Պարզ է, նման ժամանակահատուածի մէջ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացած հանդիպումին օրակարգի առաջնային կէտը պիտի կազմէր Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւնը։
Յստակ է հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու դիրքորոշումը Երեւան – Անգարա արձանագրութիւններուն նկատմամբ։ Երեք կուսակցութիւնները թէ՛ բարձրագոյն մակարդակով եւ թէ՛ տեղական կառոյցներով հրապարակած են իրենց համատեղ ստորագրութիւնները կրող յայտարարութիւններ եւ միասին կազմակերպած՝ հաւաքներ, բողոքի գործողութիւններ, ցոյցեր։ Երեք կուսակցութիւններու պաշտօնական մամուլներու սիւնակներու այս օրերու բովանդակութեան առանցքները միեւնոյնն են։ Մերժե՛լ արձանագրութիւններու ներկայ տեսքը, տապալել գործընթացի ներկայ փուլը, համաձայն ըլլալով Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ դիւանագիտական կապերու հաստատման չընդառաջել պահանջուած գինին, տեղի չտալ ճնշումներուն։
Սփիւռքահայ կուսակցական դաշտը զբաղեցուած է բացառապէս հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններով։ Սփիւռքահայ քաղաքականացուած զանգուածը այս երեք կուսակցութիւններուն շուրջ բոլորուած է։ Ճիշդ է որ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող լիազօրուած մարմին գոյութիւն չունի այսօր, այսուհանդերձ ազգային-քաղաքական խնդիրներուն մէջ երեք կուսակցութիւններու համատեղ դիրքորոշումները բնականաբար կը նկատուին գերակշիռ տեսակէտ համահայկական խնդիրներու նկատմամբ սփիւռքահայութեան դիրքորոշումները ճշդելու առումով։
Հետեւաբար հիմնովին անտեղի է եւ անճիշդ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին հեգնախառն յայտարարութիւնը, որ սփիւռքի «փոքր քաղաքականացած» հատուածն է միայն, որ դէմ է արձանագրութիւններուն։
Վարչապետին զբաղեցուցած դիրքն ու պաշտօնը կը պարտաւորեցնեն աւելի առարկայական, աւելի լուրջ պահուածք եւ պատասխանատուութիւն ցուցաբերել տասնամեակներէ ի վեր Սփիւռքի մէջ հայապահպանման, բազմամարզ միութենական եւ քաղաքական աշխատանքներ ծաւալող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուածութեան չափին եւ տարողութեան նկատմամբ։ Այդ չափն ու տարողութիւնը երեւցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ձեռնարկած համահայկական ուղեւորութեան իւրաքանչիւր հանգրուանին ժողովասրահներէն ներս թէ դուրս։ Քննարկումներուն հրաւիրուածներուն թէ բողոքի գործողութիւններուն մասնակիցներուն նկատառելի հատուած մը արտայայտեց իր տեսակէտը։ Սփիւռքահայութեան մէկ կարեւոր հատուածն էր անիկա, որ փոքր չէր յամենայն դէպս, ինչպէս կ՚ուզէր տեսնել պարոն վարչապետը։
Սփիւռքահայութեան այդ կարեւոր հատուածին միաւորուածութեան եւ Հայաստան – Սփիւռք համահայկական հարթութեան վրայ համատեղ աշխատելու խորհուրդը կը պարփակէ Երեւանի մէջ կայացած միջկուսակցական հանդիպումը։ Եւ այդ առումով գօտեպնդիչ է ու հեռանկարային։ Մանաւանդ երբ նկատի կ՛ունենանք Թուրքիոյ կողմէ հայկական Սփիւռքին դէմ յայտարարուած քաղաքական պատերազմը։ Այդ յենարանը փոքր հատուած համարելը պարզապէս կը նպաստէ հակառակորդի քաղաքականութեան իրականացման։
kENAHADELIE EI ANGATSGATS VOR PAYLOON ABAKA GE
NAKHADESVI SPURKAHAYOUTIAN NOR SEROUNTIN,NAMANAVNT
GADARIAL HAYETSI TASDIARAKOOTIAMP YEV HANTZRARVIN
VOROSH BARDAKANOUTIYOUNER, SHAD ARNELIKNER GE BAHANCHENK
TURKEREN MINCHEV MASIS OOU ARARADE MAGHTELOV TZEZ
KACH AROGHCHOOTYOUN YEV HACHOGHOOTYOON
VARTZKERNIT GADAR
ASDVATS ORHNE TZEZ YEV HAMAYN HAYOUTIAN