ԱՐՑԱԽ, «Հետք».- Հոկտեմբեր 31ին Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան երրորդ համագումարը, որու ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ կուսակցութիւնը կը պատրաստուի մշակել Արցախի զարգացման լրջօրէն հիմնաւորուած ծրագիր, որ ժողովուրդի հաւանութեան արժանանալէ ետք պիտի ներկայացուի երկրի նախագահին:
Համագումարի միաձայն քուէարկութեամբ կուսակցութեան ղեկավար ընտրած է ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանը որ, մինչեւ վարչապետ նշանակուիլը 2007ին, ղեկավարած էր կուսակցութիւնը։
Նոյն օրը կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Արա Յարութիւնեան լրագրողներուն յայտնած է, թէ Արցախը չի պատրաստուիր տարածքներ զիջելու: «Մենք Արցախի տարածք ասելով հասկանում ենք Սահմանադրութեամբ ամրագրուած ներկայիս փաստացի տարածքները», յայտարարած է Ա. Յարութիւնեան եւ շեշտած, որ կառավարութեան ծրագիրները՝ Քարվաճառի բազմաբնակարան շէնքերու շինարարութեան, Խաչէնի ջրամբարի կառուցման, Աղդամ-Մարտակերտ ճանապարհահատուածի, Վարանդա ջրամբարի վերակառուցման, ոռոգման համակարգի զարգացման, յառաջիկային Կովսականի դպրոցի վերանորոգման եւ այլ աշխատանքներ՝ կը վկայեն որ Ղարաբաղի մէջ չեն պատրաստուիր տարածքներ յանձնել: «Մենք ունենք մեր տեսակէտը եւ առաջնորդուելու ենք մեր սկզբունքներով», աւելցուցած է ան եւ պատասխանելով լրագրողի հարցին՝ աւելցուցած է թէ Հայաստանի իշխանութիւնները եւս համակարծիք են իրենց հետ որ թէ մատրիտեան սկզբունքները մշակուած են Հայաստանի այսօրուան նախագահէն առաջ, իսկ իրենք՝ հաշուի առնելով Հայաստանի նախագահին վերջին 20 տարուան գործունէութիւնը, իրաւունք չունին կասկածելու, որ ան հակահայկական կամ Արցախի հանդէպ որեւէ սխալ քայլի կրնայ դիմել։
Առանձնապէս անդրադառնալով մատրիտեան սկզբունքներուն՝ ԼՂՀ վարչապետը շեշտած է, որ Արցախը զանոնք պաշտօնապէս չէ ստացած, այլ այդ մասին տեղեկացած է զանգուածային լրատուամիջոցներէն, եւ այդ սկզբունքները իրեն համար չեն կրնար ընդունուիլ իբրեւ փաստաթուղթ: Ա. Յարութիւնեան վստահեցուցած է, որ Արցախի առաջարկուող փաստաթուղթը կ՛ընդունուի միայն ժողովուրդին հաւանութեան արժանանալէն ետք:
Վարչապետը յերիւրանք անուանած է այն բոլոր տարաձայնութիւնները, ըստ որոնց Հայաստանի նախագահը Ղարաբաղի մէջ սպայական անձնակազմին հետ հանդիպման ժամանակ խօսած է մասնաւորապէս Աղդամի յանձնման մասին։ Ան ընդգծած է, որ նոյն Սերժ Սարգսեանի առաջարկով է, որ հիմա կը վերակառուցուի Մարտակերտ-Աղդամ ճանապարհը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.