ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ պետական նախարար եւ Եւրոմիութեան բանակցութիւններու աւագ բանագնաց Էկէմէն Պաղըշ Եւրոմիութեան հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն նուիրուած համագումարի մը ընթացքին անդրադարձաւ կառավարութեան կողմէ «Ժողովրդավարական բացուածք» անուանուած վերջին գործընթացին ու դիտել տուաւ, որ այս նոր գործընթացը միայն քիւրտերու համար չէ:
«Թուրքիոյ մէջ չկայ հատուած մը, որ չմտածէ, թէ սահմանափակուած են ժողովրդավարական իր իրաւունքները։ Այո, ճիշդ է որ այս երկրի քիւրտերուն իրաւունքներուն սահմանափակուած ըլլալուն մասին գանգատներ ու քննադատութիւններ կան, բայց նմանօրինակ սահմանափակումներ ու գանգատներ ունին նաեւ ուրիշ հատուածներ, ինչպէս՝ հայերը, կամ կիները, կամ աշխատաւոր դասակարգը, այս երկրին մէջ ապրող միւս փոքրամասնութիւնները։ Ասորիները Պոլսոյ մէջ եկեղեցիի մը կարիքը կը զգան, հրեաները անհանգիստ են հակասիոնական շարժումներէն, եւ այսպիսի ուրիշներ կան», ըսաւ նախարարը: