ՎԷՆ ՆԱՅՍ.- Քալիֆորնիոյ Վարչական լսումներու գրասենեակը վարչական օրէնքի դատաւոր նշանակած է Ուուտլէնտ Հիլզէն Ատրինէ Գրիգորեանը, որ պիտի զբաղի նահանգային 150 եւ տեղական 800 հիմնարկներու միջեւ իրաւական հարցերով, կեդրոնանալով յատկապէս Յատուկ կրթութիւն բաժանմունքին վրայ:
Դատաւոր Ատրինէ Գրիգորեան նաեւ գործօն անձնաւորութիւն է հայկական համայնքին մէջ, միաժամանակ մասնակցելով Հայաստանի, եւ յատկապէս հայ երիտասարդութեան օժանդակութիւն տրամադրելու աշխատանքներուն: