ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրէսականներ Ֆրէնք Փալոն եւ Ֆրէնք ԼոՊիոնտօ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26 թուակիր նամակ մը յղած են Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբերուն, կոչ ընելով անոնց, որ 2010ի Միացեալ Նահանգներու ամավարկին մէջ 48 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն նկատի ունենան Հայաստանի համար, անփոփոխ պահելով նախորդ տարուան գումարը, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի համար կ՛առաջարկուի նախորդ տարուան օժանդակութեան քանակը բարձրացնել, զայն հասցնելով 10 միլիոն տոլարի:

Նամակին տակ ստորագրած են քանի մը տասնեակ քոնկրէսականներ, որոնց շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան: Ան յոյս յայտնեց, որ Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի կողմէ արդէն իսկ վաւերացուած ամավարկներու տարբեր օրինակները համադրողները նկատի կ՛ունենան վերոյիշալ քոնկրէսականներու կոչը:
Իրենց նամակին մէջ, քոնկրէսականները կը նշեն, թէ Վրաստան-Ռուսիա համակարտութեան հետեւանքով Հայաստանի տնտեսութիւնը շուրջ 680 միլիոն տոլարի վնաս մը կրած է, սակայն միաժամանակ օժանդակութիւններ տրամադրած է Վրաստանի ժողովուրդին եւ դիւրացուցած է տագնապի օրերուն ամերիկացի դիւանագէտները ապահով կերպով Վրաստան հասցնելու աշխատանքներուն:
Քոնկրէսականները նաեւ կ՛առաջարկեն 3.45 միլիոն տոլարի ռազմական օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք նեցուկ կանգած են Իրաքի եւ Քոսովոյի մէջ խաղաղարար աշխատանքներուն:
Նամակը եւ զայն ստորագրողներու ամբոջական ցանկը կարելի է տեսնել թերթիս համացանցային կայքին վրայ (www.asbarez.com):