Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման արձանագրութիւններու ստորագրումը մեծ ուշադրութեան արժանացաւ միջազգային մամուլին կողմէ։ Ստորագրութեան թուականէն՝ 10 Հոկտեմբերէն առաջ ու յաջորդող քանի մը օրերուն, աշխարհի չորս ծագերէն Երեւան ժամանած էին մեծ թիւով լրագրողներ, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ կ՛այցելէին Հայաստան–Թուրքիա սահմանային գօտին, տեսակցութիւններ կ՛ունենային քաղաքական դէմքերու, սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ապրող գիւղացիներու, սփիւռքահայերու եւ քաղաքագէտներու հետ։
Հոկտեմբեր 9ի գիշերը, արձանագրութիւններու ստորագրութենէն մէկ օր առաջ, հարազատներով եւ ընկերներով հաւաքուած էինք Երեւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ եւ բնականաբար հայ–թրքական արձանագրութիւններու մասին տաք վէճեր կ՛ունենայինք, երբ մեզի մօտեցաւ Նորվեկիոյ պատուոյ հիւպատոս Թիմ Սթրայթը եւ իբրեւ հին ծանօթ, ականջիս փսփաց հետեւեալը. «Հետս Նորվեկիայէն լրագրող մը եկած է։ Առաջին անգամ ըլլալով է որ Հայաստան կու գայ եւ շատ կը փափաքի հանդիպիլ նաեւ սփիւռքահայերու։ Արդեօք կարելի՞ է ձեր սեղանին միանալ եւ զրուցել ձեզի հետ։ Անկիւն մը կը նստինք եւ կողմնակի կը մասնակցինք զրոյցին։ Մեր ճաշը մենք կը պատուիրենք ու կը վճարենք…»
Առաջարկը ներկայացուցի սեղանակիցներուս, բառացիօրէն կրկնելով Թիմի խօսքերը։ Բնականաբար բոլորն ալ համաձայնեցան, իսկ տղամարդիկը, արեւելքցիի յատուկ «էրքէկ»ութեամբ պնդեցին, որ նորվեկիացիները մեր հիւրերն են եւ ընթրիքի ծախսին մասնակցելու մասին անգամ մըն ալ խօսք պէտք չէ ընեն։ Երկու վայրկեան չանցած Ասթրիտ անունով լրագրողը արդէն ի վիճակի չէր նօթագրելու իր հարցումներուն պատասխանները եւ յաճախ ստիպուած կ՛ըլլար ուսուցիչի մը նման կարգի հրաւիրելու իր խօսակիցները, որպէսզի կարողանար գրի առնել աջէն ու ձախէն արտայայտուող կարծիքները։ Մեր պատասխաններէն աւելի, այստեղ կ՛ուզեմ ձեզի ներկայացնել Ասթրիտի հարցումները, որոնք ուղղուած էին ոչ միայն մեզի՝ սեղանին շուրջ հաւաքուածներուս, այլ, ինչպէս որ լրագրողը ի՛նք դիտել կու տար, իւրաքանչիւր սփիւռքահայու ընդհանրապէս։
– Ինչո՞ւ այդքան դէմ կ՛արտայայտուիք արձանագրութիւններուն։ Չէ՞ք կարծեր, որ Թուրքիոյ հետ ձեր հարցերու լուծումը, ներառեալ Ցեղասպանութեան հարցը, երկխօսութեամբ աւելի հեշտ կ՚ըլլայ լուծել։
– Անկախութենէն ետք, աւելի քան մէկ միլիոն հայ հեռացած է Հայաստանէն։ Քանի՞ հայ ներգաղթած է Հայաստան։ Եթէ Թուրքիա Ցեղասպանութիւնը ճանչնայ եւ հողային փոխ-հատուցման պատրաստակամութիւն յայտնէ, քանի՞ սփիւռքահայ պատրաստ է վերադառնալու պապենական հայրենիք։ Ի՞նչ պիտի ըլլան ձեր պահանջած հողերուն վրայ ապրող աւելի քան 20 միլիոն քիւրտերու եւ թուրքերու ճակատագիրը։
– Ի՞նչ պիտի ըլլայ Սփիռւքի յաջորդ քայլը, եթէ Հայաստանի կառավարութիւնն ու խորհրդարանը ընդունին արձանագրութիւնները, բանան սահմանները, եւ գործադրեն համաձայնութեան բոլոր կէտերը, ներառեալ պատմական հարցերու քննարկման ենթայանձնաժողովի ստեղծումը։
– Փաստօրէն խոր վիհ մը սկսած է առաջանալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Հայաստանի նախագահին դէմ սփիւռքահայերու ցոյցերը աւելի կրքոտ էին, քան վերջերս Փարիզ կամ Պէյրութ այցելած թուրք պետական այրի դէմ կազմակերպուած որեւէ ցոյց։ Սփիւռքը պիտի դադրեցնէ՞ Հայաստանի տրամադրած քաղաքական նեցուկը, տնտեսական օժանդակութիւնները, ներդրումները։
– Ցեղասպանութիւնը, ըստ ինծի, սփիւռքահայութեան ինքնութեան հիմնաքարն է։ Ի՞նչ պիտի պատահի այդ ինքնութեան, եթէ երբեւէ Թուրքիա ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com