ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերը կրտսեր տղուս՝ Արամի ծննդեան երրորդ տարեդարձի օրն էր։ Վաղուց որոշած էինք ընկերներով ու հարազատներով հաւաքուիլ Երեւանի մանկական սրճարաններէն մէկուն մէջ եւ յատուկ շուքով նշել Արամիկին անկիւնադարձային այս թուականը։ Երեկոյեան ժամերուն երեխաներէ, բարեկամներէ եւ հարազատներէ կազմուած պատկառելի բազմութիւն մը արդէն հաւաքուած էր «Մատակասքար» մանկական սրճարանին մէջ եւ բոլորն ալ խանդավառութեամբ կը հետեւէին փոքրիկներու խաղերուն եւ անմեղ չարաճճիութիւններուն։ Նոյն օրը Ցիւրիխի մէջ պիտի ստորագրուէին հայ–թրքական արձանագրութիւնները, եւ բնական էր որ տարեդարձի սեղանին շուրջ հաւաքուածները անպայման պիտի անդրադառնային այս իրադարձութեան։ Կէս ժամ չանցած, արդէն տաք վէճ սկսած էր սեղանին շուրջ նստած տղամարդոց միջեւ։ Երախայ ու տարեդարձ մոռցած, բոլորս ալ բարձր ձայնով հայ–թրքական յարաբերութիւնները կը վերլուծէինք։
«Արա՛, ինչի՞ց ենք վախենում։ Ուզում են Ցեղասպանութեան փաստը ուսումնասիրող պատմաբանների ենթայանձնաժողո՞վ ստեղծեն, թո՛ղ անեն։ Դրա մէջ վախենալիք ի՞նչ կայ։ Հօ փաստերը չեն փոխուելու», դիտել կու տար Արմէնը, որ ոչ մէկ սխալ բան կը տեսնէր արձանագրութիւններուն մէջ։
«Հարցը միայն ենթայանձնաժողովը չէ, այլ հայ–թրքական սահամաններու ճանաչումը։ Ի՞նչպէս հող պիտի պահանջենք Թուրքիայէն։ Սա արդէն Հայ Դատի վերջն է», բարկութեամբ կը շեշտէր քանի մը տարի առաջ Պէյրութէն Հայաստան տեղափոխուած Սեւակը։
«Ի~նչ հող, ինչ բան։ Այսքան հող ազատագրեցինք Արցախի կռիւներուն, քանի՞ հոգի եկաւ հոն ապրելու։ Նախ քան հող ուզելը, ունեցածնիս պահելու մասին մտածենք։ Հայաստան մարդ չմնաց, հողերը պարապ են, հիմա ալ ելեր թրքաբնակ եւ քրտաբնակ հողերը կը պահանջենք», հեգնանքով կը նշէր Հալէպահայ Յովիկը։
«Լաւ է՛լի, երեխու ծնունդը հարամեցիք։ Ոնց որ դուք էիք, հա՞, որոշելու արձանագրութիւնների ճակատագիրը։ Ռուսաստանն ու Ամերիկան համաձայնել պրծել են։ Դուք ի՞նչ կարաք անէք։ Թողէ՛ք մի քիչ քէֆ անենք, ծնունդի ենք եկել։ Հարց ունէք, գնացէք Ցիւրիխ…», կը միջամտէր Սուրիկը։
Բարի տարեդարձ երգելէ եւ կարկանդակը կտրելէ ետք բոլորս շտապ վերադարձանք տուն՝ պատկերասփիւռէն արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան հետեւելու նպատակով։
Արդէն գիշեր էր եւ Երեւանի ճանապարհները արտակարգօրէն լուսաւորուած ու զարդարուած էին։ Մոռցեր էինք, որ յաջորդ օր ամբողջ քաղաքը պիտի նշէր Երեւանի 2791րդ տարեդարձը։ Բայց փողոցներու լուսաւորումն ու զարդարանքը տօնական այնպիսի մթնոլորտ ստեղծեր էին, որ կարծէք Հայաստան կը նշէր իր պատմութեան ամենէն մեծ իրադարձութիւններէն մէկուն տարեդարձը։ Յաջորդ օր ամբողջ քաղաքը տօնախմբութիւններու մէջ էր՝ աննախընթաց մակարդակով։ Երգ, պար, տօնավաճառներ՝ քաղաքի իւրաքանչիւր փողոցի անկիւնը։ Երեւանը 2791 տարիներու իր գոյութեան ընթացքին այսպիսի տօնախմբութիւն չէր տեսած։ Հակառակ տնտեսական ծանր վիճակին, միլիոններ ծախսուած էր ժողովուրդին անգամ մը եւս յիշեցներու, որ Երեւանը դարձած է 2791 տարեկան։ Իսկ տղաս, Արամը, շարունակ հարց կու տար, որ այս բոլորը արդեօք իր տարեդարձին առիթո՞վ էր։ Այո՛, կը պատասխանէի, բայց միեւնոյն ժամանակ ես ինծի հարց կու տայի, թէ ինչո՞ւ ճիշդ ա՛յս տարի, Երեւան–Երեբունիի տարեդարձը կը նշուէր այսքան փառաւոր կերպով, շքեղ ու աննախընթաց հանդիսութիւններով։
2791 տարի առաջ, այսօր, ուրարտացիներու Արգիշտի Ա. թագաւորը հիմնեց Էրեբունին, որ հետագային կոչուեցաւ Երեւան։ Երեք տարի առաջ, այսօր, Երեւանի Էրեբունի հիւանդանոցին մէջ կրտսեր երախաս՝ Արամը, լոյս աշխարհ եկաւ։
Տարիներ ետք, երբ Արամը մեծնայ, ի՞նչ յիշատակ պիտի ունենայ իր երրորդ տարեդարձէն, Երեւանի տօնախմբութիւննե՞րը, «Մատակասքար»ի մէջ իր ստացած նուէրնե՞րը, թէ իր հօր եւ ընկերներուն ունեցած անհասկնալի, բայց տաք վէճերը…։
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com
իսկ 2010 ին 2792 ամեակին թուրք տերվշները արդէօք պիտի պարեն հանրապետութեան հրապարակը ՝—–