ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեակովը (Ռուսաստան), Ռապըրթ Պրատթքին (ԱՄՆ) եւ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա) Հոկտեմբեր 26ին, Լիւքսէմպուրկի մէջ հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանին եւ Էլմար Մամետեարովին հետ ու անոնց հետ խօսած՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ իրենց յետագայ ծրագիրներուն մասին: Համանախագահները նաեւ քննարկած են Նոյեմբերին Երեւան եւ Պաքու իրենց յաջորդ այցելութեան վերաբերող հարցերը:
Ըստ ԵԱՀԿ հաղորդագրութեան, անոնք նաեւ խօսած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քննարկման աշխատանքներուն մասին, որոնք պիտի կատարուին ի նախապատրաստութիւն ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, Դեկտեմբերի նիստին: