ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի վարչակազմը ընտրած է պատմական հարցերով ենթայանձնախումբի անդամները։ Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը իր կարգին հաստատած է ենթայանձնախումբին անդամներու նշանակումը, յայտնելով որ ենթայանձնախումբը աշխատանքի պիտի սկսի անմիջապէս որ արձանագրութիւնները վաւերացուին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններուն կողմէ ։
Օրաթերթը նաեւ կը յայտնէ, որ Պոլիս ծնած հայ պատմաբան մը, Թուրքիոյ ենթայանձնախումբի կազմութեան շուրջ ոչ պաշտօնական հանդիպումներ կ՛ունենայ։ Հայ պատմաբանը, որ անցեալ տարի Երեւան մեկնած է Ցեղասպանութեան թանգարանի արխիւները ուսումնասիրելու, նաեւ առաջին հայ պատմաբանն է, որ 1974ին նախկին նախագահ Ֆահրի Քորութիւրքի կողմէ օսմանեան արխիւները ուսումնասիրելու յատուկ արտօնութիւն ստանձնած էր։ Ան ըսած է, որ հայկական կողմը ենթայանձնախումբի մասնակցութեան համար միայն հայ անդամներ պիտի առաջարկէ, աւելցնելով որ Սփիւռքէն պատմաբաններ պիտի չներառուին յանձնախումբին մէջ։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ սպասարկութեան պետ Սամուէլ Ֆերմանեան հերքեց այս տեղեկութիւնները: