Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը յայտարարեն, թէ թեմի նուիրեալ ծառայողներէն Ստեփան Գապատայեան, որ իր մահկանացուն կնքեց Շաբաթ, 17 Հոկտեմբերի վաղ առաւօտուն, մեր ազգային կեանքին մէջ կերտած է շուրջ 40 տարիներու վաստակ։ Ստեփան Գապատայեան տասնամեակներ շարունակ անդամակցած է Ազգային երեսփոխանական ժողովին, եղած է Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն ու ապա, այնքան ատեն որ ուժերը կը ներէին, անդամակցած է եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, երկար տարիներ վարելով ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը։
Ստեփան Գապատայեան ունեցած է նաեւ դպրոցաշինական գործունէութիւն, կերտած է կուսակցական ու միութենական լայնածիր վաստակ։ Իր ճիգերով ու անփոխարինելի ներդրումով հիմնուած են Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առաջին շէնքն ու «Աբգարեան» սրահը, այժմու Թիւֆէնքեան մանկամսուրի վայրին մէջ։ Աւելի ուշ, ան բանալի դերակատարութիւն ունեցած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ այժմու կառոյցին իրագործման մէջ (1985ին): Ան գլխաւոր հիմնադիրներէն է նաեւ Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանին ու Թիւֆէնքեան մանկամսուրին։ Իր եկեղեցաշէն ու ազգանուէր գործունէութեան համար, արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանին, ձեռամբ՝ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսի։
Հանգուցեալ հայորդիին յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբերին, կ.ա. ժամը 10։30ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ ներկայութեամբ ազգային ու միութենական ներկայացուցիչներու։ Պիտի կատարուի ազգային թաղում։