ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Երկուշաբթի օր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Դաշնակցութեան գրասենեակին մէջ հաւաքուած են Արցախի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք քննարկած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու զարգացման ներկայ փուլին եւ անոնց՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան վրայ հնարաւոր ազդեցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները արտայայտած են իրենց մտահոգութիւնները՝ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման վրայ վերոնշեալ յարաբերութիւններու ազդեցութեան վերաբերեալ եւ ներկայացուցած շարք մը առաջարկներ, որոնք չեն հրապարակուած: