ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16ին, Թուրքիայէն Ատրպէյճան վերադարձած երեսփոխաններու պատուիրակութիւնը հաղորդած է, թէ բաւարար երաշխիքներ ստացած է Անգարայէն, այն մասին, թէ՝ Թուրքիա Ատրպէյճանի շահերուն վնաս հասցնող քայլերու պիտի չդիմէ:
Պատասխանելով հարցումի մը, թէ՝ այլպէս Պաքու ի՞նչ պիտի ընէ, երեսփոխան Ֆազէյլ Աղամալի յայտնած է, թէ այդ պարագային, վերջ պիտի տրուի «եղբայրութեան» եւ երկու երկիրները սովորական դրացիներ պիտի ըլլան: