ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի մրցումին համար Պուրսա այցելած Հայաստանի ճարտարագէտներու եւ գործարարներու միութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Արսէն Ղազարեանի, յայտարարած է, թէ որոշած է ներկայացուցչական գրասենեակ մը բանալ Թուրքիոյ մէջ: Գրասենեակին ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ 1997էն ի վեր, Թուրք-Հայկական գործարարութեան զարգացման խորհուրդի փոխնախագահ Նոյեան Սոյաք:
Միութիւնը ներկայիս գրասենեակներ ունի Լոս Անճելըսի, Պրիւքսէլի եւ Մոսկուայի մէջ: Նախքան Պուրսա այցելելը, պատուիրակութիւնը Պոլսոյ մէջ հանդիպումներ ունեցած է թուրք գործարարներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.