Կիրակի, Հոկտեմբեր 25ին, առաւօտեան ժամը 11:30ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ (2215 E. Colorado Blvd.) տեղի պիտի ունենայ «Յիշատակի օր»՝ ոգեկոչելու համար իրաքահայ գաղութին ծառայող հին եւ նոր աշխարհիկ կամ հոգեւոր ազգայիններուն յիշատակը: Ձեռնարկը կազմակերպուած է Լոս Անճելըսի մէջ ապրող նախկին իրաքահայերէ բաղկացած յանձնախումբի մը կողմէ եւ կը վայելէ հովանաւորութիւնը եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին:
Այդ օր, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի իրաքահայ գաղութի ծառայողներու հոգիներուն համար:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, «Եկաւեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն եւ պատշաճ յայտագիր:
Ընթացքին խօսք պիտի առնէ Լոս Անճելըսի իրաքահայերուն մօտէն ծանօթ, գաղութիս հանրածանօթ կրթական մշակ, «Մաշտոց» քոլէճի հիմնադիր-նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը:
Հրաւիրուած են համայն հայ ժողովուրդը եւ յատկապէս իրաքահայերը մաս կազմելու յիշատակի այս օրուան:
Անոնք, որոնք կը փափաքին այդ օր իրենց ննջեցեալներուն համար հոգեհանգիստ խնդրել, պարտին նախապէս եկեղեցւոյ գրասենեակ հեռաձայնել հետեւեալ թիւով՝ (626) 449-1523: